2013-03-14 14:43:43

Գերմանացի Եպիսկոպոսներուն Համար ֆրանչիսքոս Քահանապետին Ընտրութիւնը Շարունակականութեան Նշան է


Գերմանացի եպիսկոպոսներուն համար ֆրանչիսքոս Քահանապետին ընտրութիւնը շարունակականութեան նշան է։ Անոր համեստ տեսքը ու յուժկու քարոզները լաւ կը ցոլացնեն նոր Քահանայապետը։ Ան` որպէս կարտինալ, սովոր էր այցելել հիւանդանոցներն ու բանտարկեալները եկեղեցական մեծ տօներուն առթիւ։ Արժենթինայի մէջ մեծ յանձնառումով կը գործէր ընկերային զանազան խումբերու հաշտութեան ի խնդիր։
- Զուիցերիոյ եպիսկոպոսները մեծ ուրախութեամբ ընդունած են Նոր Քահանայապետին ընտրութիւնը եւ մեծապէս կը վստահին Ս. Հոգւոյ ներգործութեան վրայ։ ԼատինԱմերիկայէն եկած նոր Քահանայապետը ապացոյց մըն է որ Սրբազան Հայրը համայն Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար է
- Բողոքական Եկեղեցին իր կարգին մաղթանք յայտնած է որ նոր Քահանայապետը դառնայ ''կամուրջներ կառուցանող'' մը Հիւսիսի ու Հարաւի, հարուստի ու աղքատի միջեւ, ու եկեղեցիներու միջեւ։ Նոր Քահանայապետը ընտրեց ֆրանչիսքոս անունը ` Ս. ֆրանչիսքոսը գնահատուած էր իր խոնարհութեան ու պարզ կեանքին համար, մեր աղօթքն է որ Ան հաւատաւոր կեանքի մը վկայութիւն տայ ու անոր իշխանութիւնը բխի աղօթքի կեանքէն եւ ոչ նուիրապետութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.