2013-03-14 14:45:01

«Անհրաժեշտ Է Մեր Երիտասարդները Համախմբել Մեր Հոգեւոր, Բարոյական Եւ Ազգային Արժէքներուն Շուրջ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս


Երեքշաբթի, 12 մարտ 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան նոր վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան հոգեւոր խորհրդատու Ղեւոնդ վրդ. Բէնդէզեանին: Նոր վարչութեան մաս կը կազմեն Ռազմիկ Միքայէլեան (ատենապետ), Լեւոն Նաճարեան, Նազելի Մանուկեան, Կասիա Պարսումեան եւ Նարէ Սաղտըճեան:
Ողջունելով ՀԵՀՈՄ-ի նոր վարչութիւնը` վեհափառ հայրապետը շեշտեց միութեան կարեւորութիւնը` երիտասարդութիւնը հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներուն շուրջ համախմբելու իմաստով: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այս տարի յիսնամեակն է ՀԵՀՈՄ-ին: 50 տարիներ շարունակ այս միութիւնը ծառայեց` իր շուրջ համախմբելով մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որպէսզի անոնք լիցքաւորուին մեր հոգեւոր, բարոյական, ազգային եւ մշակութային արժէքներով: Որեւէ ժամանակէ աւելի հրամայական կը նկատենք մեր երիտասարդութեան համախմբումը մեր եկեղեցւոյ կառոյցներուն ու արժէքներուն շուրջ: Ահա այս ուղղղութեամբ կենսական է դերը ՀԵՀՈՄ-ին»:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պարզեց ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց գտնուող հայ երիտասարդութեան մասին: Ան անդրադարձաւ համաշխարհայնացումի հետեւանքներուն, յատկապէս տեղեկատուական ու մշակութային մարզերուն մէջ: Հանդիպումի աւարտին վեհափառ հայրապետը թելադրեց նոր վարչութեան, որ յատուկ աշխատանք տանի մեր երիտասարդները համախմբելու հայկական հոգեւոր ու ազգային կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ ՀԵՀՈՄ-ին շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.