2013-03-13 19:09:25

Վատիկանի Կամարներու Բուխերիկէն Սպիտակ Ծուխ։


Սիքստինեան մարտան մէջ կայացած` Պապընտիր ժողովի - Քոնքլաւի - ընթացքին տեղի ունեցած քուէարկութիւնը հասաւ իր աւարտին։
Վատիկանի Սիքստինեան մատրան կամարներու վրայ տեղադրուած բուխերիկէն բխած սպիտակ ծուխը, ժամը 19,06-ին աշխարհին յայտնեց թէ Սուրբ Պետրոսի 265րդ յաջորդը ընտրուած է։
Մինչ Սուրբ Պետրոսի եւ Հռոմի եկեղեցիներու զանգակները կը ղօղանջեն սպասումի մէջ ենք իմանալու Նոր Քահանայապետի անունը զոր քիչ ետք պիտի հռչակուի Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.