2013-03-13 07:45:48

Ի՞նչ Կը Պատահի Նոր Քահանայապետի Մը Ընտրութեան Պարագային։


Սիքստինեան մարտան մէջ համախմբուած ընտրող կարտինալներու քուէարկութիւնը հազիւ թէ յաջող աւարտ կ'ունենայ եւ հետեւաբար կայացած կ'ըլլայ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը, Սարկաւագ Կարտինալներէն վերջինը Սիքստինեան Մատուռ կը կանչէ Կարտինալական Ժողովի Քարտուղարը եւ Քահանայապետական Ծիսական Արարողապետը։ Գահերէց` Կարտինալը, յանուն ընտրողներու ամբողջ Ժողովին, կը հարցնէ ընտրուածի համաձայնութիւնը հետեւեալ խօսքերով.
«Կ'ընդունի՞ս քու կանոնական ընտրութիւնդ՝ ըլլալու Գերագոյն Քահանայապետը»։ Եւ հազիւ թէ նորընտրեալին համաձայնութիւնը ստանայ, կը հարցնէ. «Ինչպէ՞ս կ'ուզես անուանուիլ»։
Նոտարի պաշտօնը, երկու Արարողապետներու վկայութեամբ, կը կատարէ Քահանայապետական Ծիսակատարութիւններու Արարողապետը, որ կը շարադրէ ընտրուածի համաձայնութեան եւ ընտրած անունի փաստաթուղթը, եւ այդ պահէն սկսեալ ընտրեալը կը ստանայ տիեզերական Եկեղեցւոյ ամբողջական եւ գերագոյն իշխանութիւնը։ Այդ պահին իսկ կը դադրի Քոնքլաւը։
Ընտրող Կարտինալները մեծարանքի եւ հնազանդութեան տուրք կը մատուցեն նորընտրեալ Քահանայապետին, ապա շնորհակալութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ.
Սարկաւագ Կարտինալներէն առաջինը, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, հաւատացեալներուն կ'աւետէ տեղի ունեցած ընտրութիւնը եւ նոր Քահանայապետի անունը. ''Habemus Papam'' - բացագանչումով, այն է ''Քահանայապետ մը ունինք''
Նորընտրեալը, անմիջապէս, կը յղէ «Urbi et Orbi» (Քաղաքին եւ Աշխարհին) Առաքելական Օրհնութիւնը՝ Վատիկանի Սբ. Պետրոս տաճարի պատշգամէն (նախաբան 87-91)։
Քահանայապետութեան սկզբնաւորութեան հանդիսաւոր ծիսակատարութենէն եւ պատշաճ ժամանակ մը ետք՝ պէտք է տեղի ունենայ նոր Քահանայապետի կողմէ Լաթերանեան Պատրիարքական Աւագ Տաճարի իշխանութեան ստանձնումը, նախասահմանուած ծիսակարգի համաձայն։ Ասիկա Առաքելական Սահմանադրութենէ նախատեսուած վերջին պարտականութիւնն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.