2013-03-13 11:33:08

Աշխարհի Աչքերը Սեւեռած Են Սիքստինեան Մատրան Բուխերիկին Վրայ։


Հռոմի ժամանակով 11,40-ին բուխերիկէն սեւ ծուխ մը դարձեալ ի յայտ եկաւ ։


Երեքշաբթի 12 մարտի յետ միջօրէի կարտինալան Պապընտիր Ժողովի առաջին քուէարկութեան արդիւնքը եղաւ բուխերիկէն բխած սեւ ծուխը որ կը նշանակէ թէ կարտինալներու դասը տակաւին չկարողացաւ ընտրել նոր քահանայապետ մը։ Յայտնենք թէ ըստ «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան` հարկաւոր է որ ընտրուողը ստանայ քուէներու երկու երրորդը - այս պարագային 78 քուէ ։

Չորեքշաբթի 13 մարտի առաւօտեան Պապ ընտրող իրաւունք ունեցող 115 Կարտինալները դարձեալ փակուեցան Սիքստինեան մատրան մէջ, շարունակելու համար ընտրութեան գործընթացը։

Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, հակառակ տեղատարափ անձրեւի, փութած է Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ու աղօթքով կը սպասէ քուէարկումի արդիւնքը։ Համայն աշխարհի աչքերը, այսօր եւս սեւեռած են Սուրբ Պետրոսի կամարներու վրայ հաստատուած բուխերիկին ու սպասումի մէջ են ճանչնալու համար Սուրբ Պետրոսի 265րդ յաջորդի անունը։

Յայտնենք որ այօրուայ կարտինալական պապընտիր ժողովի ընթացքին նախատեսուած են 4 քուէարկութիւններ, երկուքը առաւօտեան եւ երկուքը յետ միջօրէին։ Ամէն մէկ քուէարկութեան աւարտին քուէաթուղթերը կ՛այրուին վառարանի մը մէջ ու այս գործողութեան հետեւանքով է որ Սիքստինեան մատուրի կամարի վրայ զետեղուած բուխերիկէն ծուխը կրնայ սպիտակ կամ սեւ գոյն ունենալ, եթէ քուէարկութիւնը դրական արդիւնք ունենայ վառարնի բուխերիկէն ելած ծուխը սպիտակ կ՛ըլլայ իսկ եթէ արդիւնքը ժխտական է ծուխը սեւ գոյնով է, ինչպէս պատահեցաւ երեքշաբթի 12 մարտի երեկոյեան քուէարկութեան աւարտին եւ 13 մարտի առաւօտեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.