2013-03-12 15:35:32

Քոնքլաւի Առթիւ Սուրբ Հաղորդութեան Պաշտամունք։


Քոնքլաւի - Պապընտիր ժողովի - առթիւ, Հռոմի Սան Լորէնցօ երիտասարդական միջազգային կեդրոնը, կազմակերպած է Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք, սկսեալ երկուշաբթի 11 մարտի առաւօտեան ժամը 11.00 էն եւ մինչեւ Գոնքլավի փակումը։

Իսկ յառաջիկայ ուրբաթ 15 մարտի ժամը 15-ին, միշտ Սան Լորէնցօ երիտասարդական միջազգային կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ, կազմակերպուած է թափօր մը, ապա Սուրբ Վարդարանի աղօթք` հուսկ ժամը 18.30 ին Սուրբ Պատարագի արարողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.