2013-03-12 11:49:09

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի Շնորհակալական Նամակը Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին ։


Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար՝ կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ շնորհակալական նամակ մը յղած է Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, առ ի պատասխան անոր՝ (Հոգեւոր Տիրոջ) յղած գոհաբանական նամակին Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր սրբազան քահանայապետին հրաժարման առթիւ։
Նամակին մէջ, կարդինալ Պերթոնէ Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր սրբազան քահանայապետին անունով կ'ողջունէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, յայտնելով սրբազան հօր խորին ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ յայտնաբերած ջերմ եւ անկեղծ բարեմաղթութիւններուն եւ զգացումներուն համար։ Ան կը յիշեցնէ, թէ Սրբազան հայրը կը հրաւիրէ աղօթելու իր յաջորդին եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ համար եւ կը փոխանցէ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի յատուկ առաքելական օրհնութիւնը հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.