2013-03-12 12:36:23

Պայթումներ Դամասկոսի Մէջ


Դամասկոսի Պապ Շարքի թաղամասին մէջ Երկուշաբթի, Մարտ 11ին, առնուազն չորս պայթումներու պատճառով զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են:
Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ թրքական ոստիկանութեան անդամներ նոյն օրը Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ տեղի ունեցած գործողութեան մը ընթացքին ձերբակալած են 4 սուրիացի կասկածելիներ՝ անցեալ Յունուարին այդ շրջանին մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը հարցով, որուն ընթացքին 14 հոգի սպաննուած էր, ներառեալ՝ երեք թուրքեր:
Նաեւ, «Ալմայատին»ը հաղորդեց, թէ ռուսական եւ ամերիկեան ճնշումները պատճառ դարձած են, որ սուրիական ընդդիմութիւնը անցած շաբաթավերջին Պոլսոյ մէջ նախատեսուած իր ժողովը չգումարէ: Ժողովին նպատակն էր Սուրիոյ մէջ փոխանցման կառավարութեան կազմութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ «սուրիական ընդդիմութեան տրամադրուած արտասահմանեան նիւթական օժանդակութիւնները կ՛արգելակեն սուրիական տագնապի կարգաւորումը»:
Մինչ այդ, «Քայիտա»ն Մարտ 11ին ստանձնեց շաբաթ մը առաջ արեւմտեան Իրաքի մէջ տեղի ունեցած 48 սուրիացի զինուորներու սպանութեան պատասխանատուութիւնը:
Վերջապէս, գերմանական «Շփիկըլ» թերթը կըա հաղորդէ, թէ ամերիկացիներ Յորդանանի մէջ սուրիական ընդդիմութենէն 200 զինեալներ կը մարզեն, մինչ բրիտանական «Կարտիըն»ը կը նշէ, թէ յորդանանեան գաղտնի սպասարկութիւնը, ինչպէս նաեւ բրիտանացի եւ ֆրանսացի մարզիչներ կը մասնակցին շուրջ 10 հազար ծայրայեղական իսլամականներու մարզումին








All the contents on this site are copyrighted ©.