2013-03-12 12:54:13

Նոր Աւետարանութեան Մասին Համաժողով Պուէնոս Այրէսի Մէջ։


Նախաձեռնութեամբ՝ Արժանթինի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, 12-14 մարտ տեղի կ՝ունենայ Նոր Աւետարանութեան մասին համաժողով մը հետեւելով հոկտեմբերին տեղի ունեցած ՜՜Նոր Աւետարանութեան նուիրուած սիւնոդոսի՝՝ ուղիին, ու ակնարկը սեւեռելով ՜՜Հաւատքի Տարւոյն՝՝ ցուցմունքներուն վրայ։ ՜՜Հաւատքի Տարին՝՝ հռչակուած է վաստակաւոր քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ.ի կողմէ, Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի 50-ամեակին առթիւ։
Նոր Աւետարանութեան մասին համաժողովի յայտագիրը կը նախատեսէ. 12 մարտին, նախապատրաստական դասխօսական հանդիպում մը.որուն բնանիւթն է ՜՜ Նոր Աւետարանութեան մասին սիւնոդոսը, ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքի փոխանձումին՝՝ եւ զոր կը կատարէ գերապայծառ Խորհէ Լոծանօ՝ նախագահը ընկերային հովուութեան եպիսկոպոսական խորհուրդին, պիտի բանախօսեն նաեւ՝ Հ. Գարլոս Մարիա Կալլի, Հ. Ճերարտ Սոոտինկ, Գերապայծառ Գարլոս Մարիա ֆրանծինի որոնք պիտի շօշափեն եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու յարաբերութեանց մասին Նոր Աւետարանութեան ու Հաւատքի Տարւոյն լոյսին ներքեւ...նաեւ Լատինամերիկայի եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին։










All the contents on this site are copyrighted ©.