2013-03-12 12:35:16

«Ընդդիմութեան Արտաքին Ֆինանսաւորողները Կ՛արգելակեն Սուրիական Տագնապի Լուծումը» Կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութեան արտաքին ֆինանսաւորողներէն շատեր Սուրիոյ մէջ երկխօսութեան սկսման ու բռնարարքներու կասեցման արգելք կը հանդիսանան:
Ան Սուրիական ժողովրդավարական փոփոխութեան ուժերու ազգային համակարգումի մարմինի նախագահ Հայսամ Մաննահի հետ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը չի բարելաւուիր, հակառակ անոր որ բոլոր կողմերը բռնարարքներու կասեցման եւ երկխօսութեան սկսելու կարեւորութեան աւելի գիտակից դարձան: Սակայն զայն արգելակել փորձողներ գոյութիւն ունին, եւ անոնք սակաւաթիւ չեն, անոնց շարքին են ընդդիմութեան արտաքին ֆինանսաւորողները»:
Լաւրով իր խօսքը համակարգումի մարմինին ուղղելով յայտնեց, որ «մենք վստահ ենք, որ իշխանութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու հիմամբ ազգային ընդդիմութիւնը միաւորելու ձեր ջանքերը մեր յառաջ մղելիք հոլովոյթին կարեւոր օժանդակութիւն է, եւ Փարիզի մէջ ազգային ընդդիմադիր ուժերու խորհրդաժողովը (երկխօսութեան սկսելու) շինիչ քայլ էր»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յիշեցուց, որ սուրիական կառավարութիւնը երկխօսութեան սկսելու վերաբերեալ իր գաղափարները յայտարարեց, եւ ըսաւ. «Կ՛ուզենք այդ երկու հոլովոյթներու միաւորման նպաստել»: «Ամէնէն կարեւորը այն է, որ սուրիացիները իրենց բոլոր հարցերը իրենք լուծեն առանց արտաքին դեղատոմսերու, իրենց երկրին ու քաղաքագէտներուն ճակատագիրը իրենք որոշեն»:
Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք Մաննահ յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը սուրիական իշխանութեան հետ յառաջիկայ բանակցութեանց համար հասարակաց հիմք մը պէտք է կազմէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.