2013-03-11 12:58:38

Պոլսոյ Կուսակալը Պոլսոյ Սամաթիա Թաղամասի Մէջ Հայ Կիներու Դէմ Յարձակումներու Հարցով Այցելած Է Ս. Գէորգ Եկեղեցին։


Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը կը հաղորդէ, որ հինգշաթբի օր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ խորհրդարանի սենեակին մէջ տեղի ունեցած է հաւաք մը` նուիրուած Սամաթիոյ մէջ հայ տարեց կիներու դէմ յարձակումներուն եւ այդ յարձակումներու յանցագործին: «Մարմարա» կը գրէ, որ այդ յարձակումներուն պատասխանատու նկատուած Մուրատ Նազարեան անունով անձ մը ձերբակալուած է, «այս կերպով յայտնի դարձած էր, որ յիշեալ յարձակումներուն ետին ՝՝ազգային ատելութեան՝՝ հարց չկար, այնպէս ինչպէս կարծուած կամ պնդուած էր առաջին օրերուն»:
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուած են Պոլսոյ կուսակալ Հիւսէյին Ավնի Մութլու, Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Հիւսէյն Չեփքին, Ֆաթիհ Շրջանի ապահովութեան տնօրէն Իրֆան Պեքարօղուլլար, պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեան, Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ միւս թաղականները, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը , Գարակէօզեանի խնամակալութեան ատենապետը , ՎԱՏԻՓ-ի անդամներ, բազմաթիւ եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետներ եւ շուրջ 30 թաղեցիներ, որոնց շարքին յարձակումի թիրախ դարձած հայ տիկիններ՝Թուրֆանտա Աշըք եւ Սուլթան Այքար, ու ողբացեալ Մարիձա Քիւչիւքի որդին եւ հարսը` Եաշար ու Սաթենիկ Քիւչիւք: Պատրիարքարանի այս հաւաքոյթին հրաւիրուած էին նաեւ քաղաքին հայ մամուլը:
Նախ խօսք առած է Արամ Սրբազանը, որ շնորհակալութիւն յայտնած է կառավարութեան եւ միւս պատասխանատուներուն, որոնք այսքան կարճ ժամանակի մէջ յայտնաբերած են յարձակումներուն հեղինակը: «Որքան որ մենք ալ չէինք հաւատար որ այս յարձակումները մեր համայնքին դէմ ազգային յարձակումի բնոյթ ունէին, բայց եւ այնպէս կասկած մըն ալ ունէինք այդ մասին: Ձեր բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ հիմա հանգստացանք, համայնքին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի եւ ձեր գործակիցներուն», Պոլսոյ կուսակալին ըսած է Արամ Սրբազան:

Ապա խօսք առած է Պոլսոյ կուսակալը, որ շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքի ապահովութեան տնօրէն Հիւսէյն Չեփքինի` յայտնաբերելուն համար «այս կարեւոր հարցին հեղինակը, որ իրականութեան մէջ սովորական չարագործութեան մը հեղինակն է»:
Ան դիտել տուած է, որ «Թուրքիոյ մէջ ապրող մեր հայ հայրենակիցները հանգիստ ու ապահով պէտք է ըլլան, երբէք կասկած չունենան, որ այս երկիրը իրենցն է, այս թաղամասը իրենցն է, մեր բոլոր ուժերով մենք հոս ենք առանց խտիր դնելու հայրենակիցներուն միջեւ եւ պատրաստ ենք ձեզի ծառայութիւն մատուցելու ։

«Մարմարա» կ՛աւելցնէ, որ «Հիւրրիյեթ» օրաթերթը ուրբաթ օր հաղորդած է, որ թաղեցի խանութպանները կը պնդեն, որ Մուրատ Նազարեան անձայն «ղարիպան» տղայ մըն էր, մէկը, որմէ կարելի չէ սպասել նմանօրինակ վայրագ յարձակումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.