Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէներու Գնահատումով Պենետիկտոս ԺԶ-ի Քահանայապետութեան Տարիները
Դրական Եղան։
ԱՄՆի կաթողիկէ բարեսիրական ''Գոլոմպոյի Ասպետներ'' կազմակերպութեան, ԱՄՆի կաթողիկէ հաւատացեալներու
մօտ կատարած հարցախոյզէն ի յայտ եկաւ որ անոնց 77 տոկոսը Պենետիկտոս ԺԶ-ի քահանայապետութիւնը
դրական կը նկատէ։ Մինչ 70 տոկոսի գնահատումով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը դրական գործ
տարած է նաեւ աշխարհի բարոյական ընթացքին համար։ Հարցախոյզը տեղի ունեցաւ Սրաբազան Քահանայապետի
հրաժարումէն մէկ շաբաթ ետք։