2013-03-09 14:08:51

Պենետիկտոս ԺԶ Եւ Հայ Եկեղեցին


Աշխարհի զանազան վայրերէն Հռոմ եկաք, այդ գիտակցութեամբ որ կը պատկանիք վաղեմի եւ ազնուական եկեղեցւոյ մը, որ իր հոգեւորութեամբ կը սատարէ եւ կը հարստացնէ Քրիստոսի հարսին գեղեցկութեան։
Հայ եկեղեցին, որ առընչուած է Կիլիկիոյ պատրիարքութեան, լիովին ապրեցաւ հայ ժողովուրդին պատմական իրադարձութիւնները դարերու հոլովոյթին, եւ մասնաւորապէս քրիստոնէական հաւատքի անունով կրած տառապանքը ահաւոր հալածանքի տարիներուն, որ պատմութեան մէջ ճանչցուած է ՜՜Մեծ Եղեռն՝՝ անունով։
Այդ ուղղութեամբ ինչպէս մոռնալ Լեւոն ԺԳ. քահայանապետի քրիստոնեաներու ուղղած այն բազմաթիւ հրաւէրները , օգնութեան հասնելու հայ ժողովուրդի կրած տառապանքին։ Ոչ ալ կարելի է մոռնալ Պենետիկտոս ԺԴ. քահայանապետի յուզիչ վճռական միջամտութիւնները։ Հայերը որ միշտ , իրենց աշխատասիրութեամբ ու արժանաւորութեամբ, կրցած են համակերպիլ իրենց բնակութիւն հաստատած երկիրներուն մէջ։ Անոնք կը շարունակեն այսօր եւս իրենց հաւատարմութեամբ վկայութիւն տալ Աւետարանին։
Իրականութեան մէջ. կաթողիկէ հայ հասարակութիւնը բնակութիւն հաստատած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, նոյնիսկ պատրիարքական հողերէն դուրս։ Նկատի առնելով այդ իրավիճակը , Առաքելական Աթոռը առաջնորդութիւններ հիմնեց, հոն ուր հարկաւոր է հաւատացեալներու հոգ-հոգւոցին համար։Միջին Արեւելք- Կիլիկիա եւ ապա յաջորդաբար Աստուածային Նախախնամութիւնը հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը հաստատեց Լիբանան։ Հայ կաթողիկէ հաւատացեալները իրենց ակնարկը հոն սեւերած են, որպէս հոգեւոր ակունքը իրենց դարաւոր ծիսական ու մշակութային կեանքին։
Նոյնպէս կը նշմարենք թէ զանազան եկեղեցիներ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին մէջ կը տեսնեն իրենց հասարակաց հիմնադիրն ու հայրը։ Թէեւ իրարու մէջ տարբեր են, սակայն այս վերջին տասնամեակներուն՝ ամէնքը սիրալիր ու արդիւնաբեր երկխօսութիւն հաստատած են նոյն արմատները գտնելու կամքով։ Կը քաջալերեմ այս վերագտնուած եղբայրական կապը ու համագործակցութիւնը, մաղթելով որ նոր նախաձեռնութիւնները նպաստեն կատարեալ միութեան։ Եւ եթէ պատմական անցուդարձերը պատճառ եղան եկեղեցւոյ բաժանումին, Աստուածային նախախնամութիւնը այնպէս մը պիտի ընէ որ դարձեալ օր մը իր միութիւնը վերագտնէ Հռոմի եպիսկոպոսին հետ, իր նուիրապետութեամբ, եղբայրական ներդաշնակութեամբ եւ կատարեալ հաղորդութեամբը ։ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 1700-ամեակի տօնախմբութիւնը եղաւ քաջալերական նշան մը այս բաղձալի միութեան, որուն մասնակցեցաւ սիրեցեալ նախորդս, ողբացեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահայանապետը։ Մեր յոյսն է որ Տիրոջ սէրը ուխտաւոր եկեղեցւոյ համար, ժամանակին ընթացքին քրիստոնեաներուն պիտի տայ, հարկաւոր միջոցները իրականացնելու Քրիստոսի բաղձանքը որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան ։ Ամէնքս դառնանք միջոցներ Քրիստոսի տրամադրութեան ներքեւ ։ Ան որ է ՜՜ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք՝՝ թող մեզի շնորհէ ոյժը յարատեւելու որպէսզի որքան շուտ (օր առաջ) դառանք մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.