2013-03-09 14:08:35

Յառաջիկայ 12 Մարտին Սկիզբ Կ՛առնէ ''Կարտինալական Պապընտիր Ժողովը - Քոնքլաւը''։


Ուրբաթ յետ միջօրէին գումարուած Քոնքլաւի նախապատրաստական Կարտինալական ութերորդ նիստը, սահմանեց, երեքշաբթի 12 մարտը՝ որպէս ''Քոնքլաւի'' սկզբնաւորման թուական։ Կարտինալական համադասի անդամները, ըստ ''Universi Dominici Gregis'' առաքելական սահմանադրութեան, առաւօտեան` Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մէջ պիտի մասնակցին, "pro eligendo Pontifice" - Քահանայապետի ընտրութեան համար աղերսական Սբ. Պատարագին արարողութեան, ու ապա յետ միջօրէին Սիքստեան մատրան մէջ փակուելով սկիզբ պիտի տան Պապընտիր Ժողովներուն։
Ընտրող Կարտինալները (թիւով 115) յետ միջօրէին դէպի Սիքստեան Մատուռ կատարուած հանդիսաւոր թափօրի աւարտին, ընտրող իւրաքանչիւր Կարտինալ կ'արտասանէ Առաքելական Սահմանադրութեան նախաբանի թիւ 53 պարբերութեամբ նախատեսուած՝ երդման բանաձեւը, որով յանձն կ'առնէ, ( իր ընտրուելու պարագային) հաւատարմութեամբ կատարել Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովիւ ըլլալու Պետրոսեան պաշտօնը, բայց նաեւ բացարձակ հաւատարմութեամբ եւ բոլորի հետ պահպանելու գաղտնիքները՝ որ որեւէ կերպով կը վերաբերին Հռոմի Քահանայապետի ընտրութեան, նաեւ երդում կատարելով երբեք տեղի չտալ ընտրութիւններու դուրսէն փորձուող միջամտութիւններուն (նախաբան 53)։
Ապա Քահանայապետական Ծիսական Արարողապետը կ'արտասանէ «extra omnes» (բոլորը դուրս), այսինքն՝ ընտրող Կարտինալներէն բացի ամէն ոք պէտք է դուրս գայ Սիքսինեան Մատուռէն։
Ընտրող Կարտինալներէն բացի, ներսը կը մնան Արարողապետը ինքը եւ եկեղեցականը՝ որ ընտրուած էր ընթերցելու երկրորդ խորհրդածութիւնը ընտրող Կարտինալներու համար «այն ծանր պարտականութեան մասին որ կը ծանրանայ անոնց վրայ եւ անհրաժեշտութեան մասին՝ գործելու տիեզերական Եկեղեցւոյ իրական օգուտի համար, solum Deum prae oculis habentes» (նախաբան 52)։
Խորհրդածութեան աւարտին, եկեղեցականը եւ Արարողապետը նոյնպէս դուրս կու գան Մատուռէն։
Ընտրող Կարտինալները, Քոնքլաւի Սրբազան Արարողութեան Կանոնով նախատեսուած աղօթքները արտասանելով, կ'ունկնդրեն Տեկան Կարտինալի խօսքը՝ որ կը հարցնէ անոնց թէ արդեօք կարող են սկսել ընտրութիւնները կամ թէ հարկաւոր է յստակեցնել ներկայ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած կանոններէն ոմանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.