2013-03-08 13:15:26

Քոնքլավէ-ի Ծագում։ Պատմական Տեղեկութիւններ .


Քոնքլավէ (Conclave) կը նշանակէ նոր Պապի մը ընտրութեան համար Կարտինալներու այն է Ծիրանաւորներու ժողովատեղի,կամ թէ նոր Պապի մը ընտրութեան համար Ծիրանաւորներու Ժողովը։ Conclave բառը լատիներէն կը նշանակէ փակ-բանալիով(cum-clave) ։ Արդարեւ բառին բուն իմաստով նոր Պապի ընտրութեան շրջանին Կարտինալները ամբողջովին կ՝անջատուին արտաքին կեանքէն,տեսակ մը ՝՝փակեալ՝՝ վիճակի մէջ կ՝ապրին մինչեւ նոր Քահանայապետի ընտրութիւնը,խզելով այսպէս իրենց բոլոր յարաբերութւնները արտաքին աշխարհի հետ։
Պատմական տուեալները ՝՝Քոնքլավէ ՝՝բառի մասին ի յայտ կուգան 1216ին,երբ Օնորիօս Գ.րդ Պապ կ՝ընտրուի։ Միւս կողմէ 1179ին Աղեքսանդրոս Գ.րդ -ի Առաքելական Սահմանադրութեամբ Հռոմի Քահանայապետի ընտրութիւնը վերջնականապէս վերապահուած էր միայն Կարտինալներուն(սահմանփակ թիւով) . Աղեքսանդրոս Գ.ի մահէն ետք երկար ժամանակաշրջան մը կարտինալներու թիւը կը տարուբերուէր 10էն-20ի միջեւ ։ Հակառակ որ հաւատացելաները ուղղակի չէին կրնար մասնացիլ Քահանայապետի մը ընտրութեան,բայց յաջորդաբար չորս անգամ ժողովուրդը ստիպած է կարտինալները ՝՝պարտադիր փակարանի՝՝ մը, որպէսզի անմիջական կերպով ընտրեն նոր Քահանայապետը։
1274ի ֆրանսայի Լիոն քաղաքը կայացած Եկեղեցական Ժողովը պաշտօնապէս կը հաստատէր Քոնքլավէ-ն "Ubi pericolo" (Ուր որ Վտանգ Կայ )վերտառութիւնը կրող Առաքելական Սահմանադրութեամբ,յորում տեղ կր գրաւէր նոր Քահանայապետի մը ըտրութեան բոլոր հրահանգները ։
Եկեղեցական պատմութեան հոլովոյթին բազմաթիւ Քահանայապետներ վերամշակած են սոյն հրահանգերը,ընդլայնելով միշտ աւելի մանրազնին եւ ճշգրիտ կարգաւորութիւններով։
Քոնքլավէ-ն տեղի կ՝ունենայ Վատիկանի հոյակապ Սիքստինեան Մատրան մէջ, որ կը բովանդակէ Միքէլանճելոյի ստեղագործութիւնները, ուր մեծ արուեստագէտը աշխատած է 1508էն-1512 ։
31 հոկտեմբեր 1512ին Սիքստինեան Մատրան բացումը կը կատարուէր Կիւրեղ Բ. Քահանայապետի Նախագահած Ժամասացութեան արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.