2013-03-08 13:10:13

Յիսուսի Պատանքը Ուղիղ Եթերով Կը Ցուցադրուի Մարտ 30-ին՝ Ճրագալոյցի Օրը :


Վատիկան - Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր սրբազան քահանայապետը, որպէս իր վերջին պարգեւը աշխարհին, հրաման տուած է իր հրաժարումէն առաջ, ինչպէս որ հաղորդեցին վատիկանեան աղբիւրներ, լրատուամիջոցներէն ուղիղ եթերով ցուցադրելու՝ Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ պահուած Յիսուսի Պատանքը, Քրիստոսի Յարութեան տօնի նախօրեակին, աւագ շաբաթ օր՝ 30 մարտ 2013-ի յետմիջօրէին հանդիսաւոր արարողութեամբ։
Յիշենք, որ Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր սրբազան քահանայապետը 2010-ին արտօնած էր հանրութեան, տեսնելու՝ դարեր շարունակ պահուած Յիսուսի պատանքը, որուն մէկ կրկնօրինակը հասաւ Լիբանան եւ զետեղուեցաւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ- Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, պատանքի յաջորդ ցուցադրութիւնը հանրութեան, նախատեսուած է 2025 թուականէն ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.