2013-03-08 13:10:22

Միջին Արեւելքի Ուղղափառ Եւ Օրթոտոքս Եկեղեցիներու Պատրիարքներու Վեհաժողով`


Կարտինալ Պշարա Ռայի կը բազմապատկէ համամիութենական կապերը։
Կարտինալ Պշարա Ռայի Վատիկանեան մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ ներկայիս նախապատրաստութեան մէջ ենք համաժողով մը կազմակերպելու Միջին Արեւելքի ուղղափառ եւ կաթողիկէ պատրիարքրներուն հետ միասնաբար զարգացնելու քրիսատոնեաներու միջեւ միութիւնը եւ միասնաբար դիմագրաւելու մեր հարցերը։
Յայտնենք որ կարտինալ Պշարա Ռայի` մարունեներու պատրիարքը ներկայիս Հռոմ կը գտնուի մասնակցելու կարտինալներու ժողովին եւ նոր Քահանայապետին ընտրութեան։ Ան այս վերջին ամիսներուն բազմապատկած է իր համամիութենական հանդիպումները։ Այսպէս ան ներկայ գտնուեցաւ Գահիրէի մէջ Ղպտի օրթոտոքս Թաուատրոս նոր պատրիարքի գահակալութեան։ Ապա Տամսկոս անցաւ ներկայ գտնուելու յոյն օրթոտոքս Փազչի նոր պատրիարքի գահակալութեան։ Տեսակցութիւն ունեցաւ յաջորդաբար Կ.Պոլսւոյ տիեզերական Բարդողոմիոս Ա.-ի, Աթէնքի եպիսկոպոսապետ Հիերոնիմոսի եւ 26 փետրուարէն մէկ մարտ հիւրը եղաւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Ա. պատրիարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.