2013-03-08 13:55:52

Կարտինալական Ժողովներու Ութերորդ Նիստին Ընթացքին Կը Քուէրակուի Քոնքլաւի Թուականը։


Ուրբաթ 8 մարտի` առաւօտեան 9,30-12,30 Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան սիւնհոդոսական սրահին մէջ, տեղի ունեցան Քոնքլաւի նախապատրաստական Կարտինալական ընդհանուր ժողովի եօթերորդ եւ ութերորդ նիստերը, մին՝ առաւօտեան իսկ երկրորդը՝ յետ միջօրէին։
Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեան համաձայն, ութերորդ նիստի ընթացքին նախատեսուած է քուէարկութիւն մը, որոշելու համար Քոնքլաւի գումարման թուականը։
Յայտնենք որ հինգշաբթի օրը՝ (7 մարտին) յետ միջօրէի վեցերորդ նիստին մասնակցեցան ընտրող կարտինալական դասի 115 անդամները եւ 36 ոչ ընտրող կարտինալներ։ Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցան կարտինալներու 16 միջամտութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.