2013-03-08 13:09:57

«Եւրոպական Միութեան Համար Հայաստանը Կարեւոր Երկիր Է» Կ՛ըսէ Ֆիլիփ Լեֆոր


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:
Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական աշխուժ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ուժականութեան եւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացին մասին: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց շարքին` նախորդ տարի Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյի Հայաստան այցելութիւնները:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի, Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան եւ եւրոպական տարբեր կառոյցներու դրական գնահատականները Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական հոլովոյթներուն, մասնաւորաբար 18 փետրուարի նախագահական ընտրութեան լաւ խթան կը հանդիսանան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման համար:
Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը նշեց, որ կը միանայ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու շնորհաւորանքներուն եւ յաջողութիւն կը մաղթէ նախագահ Սարգսեանին` պաշտօնավարման երկրորդ նստաշրջանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ եւրոպական մերձեցման նախաձեռնութիւններուն մէջ: Ֆիլիփ Լեֆոր ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութեան համար Հայաստան կարեւոր երկիր է եւ այդ երկրին մէջ խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ ժողովրդավարական հոլովոյթները նոյնքան կարեւոր են:
Երկու կողմերը անդրադարձան նաեւ շրջանի զարգացումներուն եւ Հայաստանի մէջ յետընտրական հոլովոյթներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.