2013-03-07 12:42:07

Սուրիական Ընդդիմութենէն Զինեալներ Կ՛առեւանգեն ՄԱԿի 20 Խաղաղապահներ


ՄԱԿ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Մարտ 6ին, ՄԱԿի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ մօտաւորապէս 30 զինեալներ առեւանգած են Կոլանի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ առաքելութեան անդամ 20 դէտեր, որմէ ետք ընդդիմութեան մօտիկ աղբիւրներ հաղորդած են, թէ ՄԱԿի խաղաղապահները առեւանգուած են, որովհետեւ անոնք կը նպաստէին շրջանը իշխանութեանց հակակշիռին վերադարձնելու փորձերուն:
Նաեւ, Չորեքշաբթի օր արաբ արտաքին գործոց նախարարները, Արաբական լիկային մէջ Սուրիոյ աթոռը սուրիական ընդդիմութեան կազմած Ազգային համաձայնական մարմինին շնորհելու ի նպաստ քուէարկութիւն մը կատարեցին: Անոնք նաեւ արտօնութիւն տուին անդամ պետութեանց՝ զէնքեր տրամադրելու ընդդիմութեան:
Միւս կողմէ, Իսրայէլ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին յղեց զգուշացում մը այն մասին, թէ ինք «ձեռնածալ չի կրնար մնալ», մինչ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զինեալ տագնապը Սուրիոյ սահմաններէն դուրս կը տարածուի: Նամակին մէջ բողոք կը կատարուի Սուրիայէն արձակուած հրթիռներուն՝ Իսրայէլի մէջ իյնալու հարցով ու կը նշուի, թէ «Իսրայէլ ցարդ ծայրայեղ աստիճանի ինքնազսպում ցուցաբերած է»:
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վիթալի Չուրքին իր կարգին յայտնեց, թէ Կոլանի մէջ զինեալներու գոյութիւնը «նոր եւ չափազանց վտանգաւոր երեւոյթ մըն է»: Ան ցաւ յայտնեց, որ խաղաղապահ ուժերը այսպիսի կացութեան մը հետ վարուելու որեւէ լիազօրութիւն չունին, «որովհետեւ այդ ուժերը անզէն դէտերէ կը բաղկանան»:
Չուրքին ըսաւ, որ իր երկիրը եւ արեւմտեան երկիրներ Սուրիոյ տագնապի լուծման շուրջ տարակարծիք են՝ շեշտելով, որ այդ տագնապը լուծում չունի՝ առանց կառավարութեան եւ ընդդիմութեան մասնակցութեամբ երկխօսութեան: «Մենք պատրաստ ենք Սուրիոյ կացութեան շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութիւնը շարունակելու», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ Սուրիոյ ընդդիմութեան եւ վարչակարգին համար միակ լուծումը Ժընեւի հաղորդագրութիւնն է, որուն նեցուկ կը կանգնի նաեւ Մոսկուան:
Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն ողջունեց Հալէպի նահանգապետական խորհուրդ ընտրելու սուրիական ընդդիմութեան քայլը: Ընդդիմութիւնը Կիրակի օր Հալէպի նահանգին մէջ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու կառավարման համար 29 անդամներէ բաղկացած տեղական կառավարման մարմին մը ընտրած է: Ընտրութիւնը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ մէջ:
Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անցեալ շաբաթ «Ղոումի» կուսակցութենէն պատուիրակութիւն մը ընդունելու ընթացքին յայտնած է. «Այլեւս հաստատ է, որ Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնը իր աւարտին մօտեցած է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.