2013-03-07 11:55:27

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Յիշարժան Կարեւոր Թուականներ - 2010 Տարին:


28 փետրուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 20-էն սկսեալ Ս. Պետրոսի Առաքելական Աթոռը ''Թափուր Աթոռ է''։
Որպէս Տիեզերական եկեղեցւոյ պետ, Պենետիկտոս ԺԶ.ի առաքելութիւնը տեւեց 7 տարի, 10 ամիս եւ 9 օր, որուն ընթացքին ան 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, երեք շրջաբերական թուղթեր հրատարակեց, 84 կարտինալներ նշանակեց եւ երանելի հռչակեց իր նախորդը՝ ՅՊԲ.ը։ Ան նաեւ դիմագրաւեց բազմաթիւ տագնապներ, սկսելով Ռաթիզպոնի մէջ արտասանած ճառին հետեւանքով թիւրիմացութենէն մինչեւ իր անմիջական ամենամօտիկ սպասաւորին դաւաճանութիւնը։ Նաեւ դիմագրաւեց այլ հարցեր. ինչպէս կարգ մը կղերականներու կողմէ կատարուած մանկամոլութեան հարցը։ Ջանաց ՜՜երկխօսութիւն՝՝ հաստատել lefebvristes-ներու ու նաեւ շեշտակի կերպով հրեաներու հետ։ Ընդլայնեց Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արեւելեան երկիրներու հետ։

Ահաւասիկ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Տարիներու Կարգ Մը Կարեւոր Թուականները...
2010-ի՝ 17-եւ 18 Ապրիլին Նորին Սրբութիւնը երկօրեայ այցելութիւն կատարեց Մալթա, ուր եւս տեսակցութիւն ունեցաւ մանկամոլ քահանաներու զոհ անձերուն հետ...
Նոյն տարին Մայիս 11-14 այցելելով Փորթուկալը Պենետիկտոս ԺԶ ֆաթիմայի Տիրամօր յանձնեց մարդկութեան ու եկեղեցւոյ ՜՜ Յոյսերն ու Տառապանքները՝՝։
4-6 Կիպրոս այցելելով կը յանձնէ Միջին Արեւելքի Սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը։
24 յունիս 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ. ստեղծեց Նոր Աւետարանացման համար Քահանայապետական Խորհուրդը, որ պատրաստեց Նոր Աւետարանացման համար համաժողովը, 7-էն 24 հոկտեմբեր 2012-ին, Վատիկանի մէջ։ Այս մարզէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հռչակեց նաեւ Հաւատքի Տարին (11 հոկտեմբեր 2012- 24 նոյեմբեր 2013), վերարծարծելու համար քրիստոնէական հաւատքը, գործածելով ժամանակակից արդիական միջոցները ի սպաս Աստուծոյ Խօսքին Հռչակումին՝ աշխարհի տարածքին։
2010-ի Նոյեմբերին , Պենետիկտոս ԺԶ. կը հրատարակէ «Աշխարհին Լոյսը» տիտղոսը կրող գիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.