2013-03-07 12:18:22

Հրանդ Տինք Մրցանակի Տուչութիւն Իտալացի Լրագրող՝ Տիկին Մարիա Չէչիլիա Սանճորճիին։


Հրանդ Տինք Մրցանակի Տուչութիւն Իտալացի Լրագրող՝ Տիկին Մարիա Չէչիլիա Սանճորճիին։
Հռոմի մէջ ամէն տարի յատուկ կերպով կը յիշատակուի ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ-ը, եւ այդ առթիւ ողբացեալ մտաւորականին անունով մրցանակ մը կը շնորհուի իտալացի լրագրողի մը, որ յատուկ կերպով նպաստած է , իր յօդուածներով կամ հատորով մը ՜՜Խօսքի ազատութեան՝՝ նաեւ փոքրամասնութիւններու (անշուշտ նաեւ անոնց մէջ հայոց) իրաւունքներուն պաշտպանութեան...
Այս տարի, Շաբաթ օրը' 9 մարտի ժամը 10.30-ին, տեղի ունենալիք մրցանակի տուչութեան հանդիպումին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան մօտ, սոյն մրցանակին՝ ՜՜Հրանդ Տինք՝՝ մրցանակին, կ՝արժանանայ իտալացի լրագրող՝ տիկ Մարիա Չէչիլիա Սանճորճին։









All the contents on this site are copyrighted ©.