2013-03-06 09:01:59

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Եթովպիոյ Նոր Պատրիարքին Գահակալութեան


Անցեալ Կիրակի, 3 մարտ 2013-ին, Ատիս Ապապայի Ս. Երրորդութիւն Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Ապունա Մաթիասի գահակալութիւնը: Սոյն արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Ս. Էջմիածինի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութենէն Աւագ արք. Ասատուրեան (Առաջնորդ Իրաքի հայոց թեմի) եւ Աշոտ եպս. Մնացականեան (Առաջնորդ Եգիպտոսի հայոց թեմի), իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն Կորիւն արք. Պապեան (ատենապետ տնօրէն ժողովի) եւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու):
Չորս սրբազանները հայ եկեղեցւոյ աղօթքներով եւ «Ուրախ լեր» շարականով մասնակցեցան գահակալութեան արարողութեան: Կորիւն սրբազան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի շնորհաւորական գիրը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ կը բերէր հայ եւ Եթովպիոյ քոյր եկեղեցիներուն դարաւոր կապերը եւ մասնաւորաբար կ՛անդրադառնար նախկին հոգելոյս Փաուլոս պատրիարքի օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ մշակուած ջերմ յարաբերութիւններուն ու յոյս կը յայտնէր նոր թափով շարունակելու զանոնք Մաթիաս պատրիարքին օրերուն: Ապա, խօսք առաւ Նարեկ սրբազան եւ յանուն վեհափառ հայրապետին պատրիարքական պանակէ մը նուիրեց Եթովպիոյ եկեղեցւոյ գահակալին:
Երկուշաբթի, 4 մարտին, չորս սրբազանները եւ յոյներու Տիեզերական պատրիարքին ներկայացուցիչը հանդիպեցան Մաթիաս պատրիարքին եւ շնորհաւորեցին զայն:
Եթովպահայ գաղութին համար յիշատակելի օր դարձաւ շաբաթ, 2 մարտը, երբ չորս սրբազանները հայ հաւատացեալներուն աղօթակից եղան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ եւ Աշոտ սրբազան սուրբ պատարագը մատուցեց, իսկ Նարեկ սրբազան քարոզեց: Ապա, ի պատիւ չորս սրբազաններուն, հայ ակումբին մէջ ընթրիք տրուեցաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.