Կարտինալ Ժան Մարի Լիւսդիժիէի Մասին Պատրաստուած Մրցանակի Շարժապատկերը Արժանացաւ ֆրանսայի
Լիւշոն Կինոյի Տօնավաճառէն։
''Աստուծոյ արհեստը'' Արթէ շարժապատկերի ընկերութիւնը շահած է 2013-ի ֆրանսայի Լիւշոն
կինոյի տօնավաճառի մրցանակը, շարժապատկերը կը պատմէ Ժան Մարի Լիւսդիժիէի ճակատագիրը։
Ան եղած Փարիզի առաջնորդ նշանակուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն 1981-2005։ Ժան
Մարի Լիւդիժիէ հրեայ մըն էր։ 1940-ին, 14 տարեկանին, դարձի կու գայ եւ կաթողիկէ կը դառնայ
հակառակ իր ծնողքին ընդդիմութեան։ Լիւսդիժիէ իր բոլոր կեանքին ընթացքին պայքարեցաւ ցոյց
տալու թէ կարելի է միժամանակ ըլլալ թէ հրեայ եւ թէ քրիստոնեայ։