2013-03-06 12:04:13

Էջ մը Հայ Գրականութենէն
Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի


Ներսէս ծնած է 1154-ին, Լամբրոնի դղեակին մէջ։ Իր բուն անունն էր Սմբատ եւ որդին էր Լամբրոնի իշխան` Օշինի եւ անոր տիկնոջ` Շահանդուխտի որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի եղբօր աղջիկն էր։ Իր ծնունդէն առաջ` ծնողքը ուխտ ըրած էին զինք նուիրել Աստուծոյ, բայց տեսնելով իր բացառիկ գեղեցկութիւնն ու վայելչութիւնը, զղջացին իրենց ուխտին վրայ եւ որոշեցին զինք աշխարհիկ կեանքի նուիրել։ Սակայն Սմբատ ծանր կերպով հիւանդացաւ եւ ծնողքը անդրադարձան իրենց սխալին վրայ ու թողուցին իրենց տղան ազատ իր կոչման հետեւելու։ Արդարեւ մանուկ հասակէն, ան արդէն ցոյց տուաւ իր յարումն ու սէրը հոգեւոր կեանքի նկատմամբ։
Պատանի տարիքին` ան կը քաշուի Սկեւռայի վանքը, ուր բացի սուրբ գրային ու աստուածաբանական ուսումներէ, ան կը տիրանայ նաեւ յունարէն, լատիներէն եւ եբրայերէն լեզուներու։ Իր հօրը կտակով` Ներսէս անոր մահուընէ ետք` պիտի ըլլար Սկեւռայի վանքի վանահայր. Ինք բացարձակապէս մերժեց, նոյնիսկ քահանայ ձեռնադրուիլ, սակայն իր մեծ քեռին, Շնորհալին բռնադատեց զինք որ ընդունի ձեռնադրութիւնը, նկատի ունենալով անոր հոգեւոր գերագոյն պատրաստութիւնը եւ բարիքները զոր պիտի գործէր ապագային ազգին համար։ այսպէսով ան քահանայ ձեռնադրուեցաւ 18 տարեկանին եւ ստացաւ Ներսէս անունը։
Երիտասարդ տարիքին` կաթողիկոսը զինք ուղարկեց որպէս դեսպանութեան մը գլխաւորը, Բիւզանդիոն, բանակցելու համար կայսեր եւ պատրիարքին հետ։ Հոն ամէնքը զարմացուց իր գիտութեամբ եւ սրբութեամբ։ 23 տարեկանին` օծուեցաւ եպիսկոպոս Տարսոն քաղաքին, մնալով հանդերձ վանահայրը Սկեւռայի։ Այս առթիւ` նախանձոտ մարտիկ սկսան ամբաստանե զինք Հայոց թագաւորին առջեւ եւ Ներսէս ինքնապաշտպանութեան սքանչելի նամակ մը յղեց Լեւոն թագաւորին, ըմբբերանելով իր հակառակորդները։ Յետ ճամբորդելու Անտիոք եւ Բիւզանդիոն եւ, շատ անգամներ, պատգամաւորական իր կարեւոր դերը կատարելու, Ներսէս վախճանեցաւ 1200 թուականին, 46 տարեկան հասակին։
Իր գործերէն յիշենք Ատենաբանութիւնը, զոր գրած է 1175-ին։ Ասիկա ճառախօսութիւն մըն է, գրուած Տարսոնի մէջ իր գումարած մէկ ժողովին առթիւ, ուր Ներսէս, յիշելէ ետք նախկին փառքը Հայոց, կ՛ողբայ ներկայ վիճակը ազգին եւ կը հրաւիրէ բոլորը սիրոյ եւ միաբանութեան։ Իր գործածած ոճին համար, շատեր զինք նմանցուցած են յոյն Տեմոսթենէսին, կամ լատին Կիկերոնին, որոնք երկուքն ալ մեծ հռետորներ եղան իրենց ազգին մէջ։
Իր լաւագոյն մեկնողական գործն է Մեկնութիւն սուրբ պատարագին որ կրնանք ըսել թէ գլուխ գործոց մըն է իր տեսակին մէջ։ 24 տարեկանին գրած այս ընտիր գործը մինչեւ այսօր կը մնայ տակաւին այժմէական։ Ներսէս կ՛ուզէ մաքրել բոլոր յետսամուտ աղօթքներն ու աւելորդ կրկնութիւնները պատարագին մէջէն եւ զայն ներկայացնել բիւրեղացած վիճակի մէջ, որպէսզի ամէն տեղ նոյն կերպով պաշտամունք մատուցուի։
Յարատեւ այս աշխատողը – գիշերները կ՛աշխատէր մինչեւ մոմերուն հալիլը եւ մարիլը – գրած է շատ մը ուրիշ մեկնութիւններ. Արարածոց գրքինը, Սողոմոնի Առակներունը, Ժողովողի, Իմաստութեան եւ Երգ Երգոցի մեկնութիւնները, Փոքր մարգարէներու գրութիւնները, Սաղմոսները, Դանիէլը, Մատթէոսի աւետարանը, Կաթողիկէ թուղթերը... եւայլն։ Այս բոլորը եղած են նիւթը աշխատանքներուն այս սրբակեաց, հոգելից եւ Տիեզերական վարդապետին, ինչպէս կոչած են զինք Յոյները։








All the contents on this site are copyrighted ©.