2013-03-06 10:17:14

Զուիցերիոյ Գարիթասը Այլ Հինգ Միլիոն ֆրանք Կը Տրամադրէ Սուրիացի Փախստականներուն։


Զուիցերիոյ Գարիթասի տնօրէնը` Հիւկօ ֆազէլ, վերջերս այցելած է, Լիբանան եւ Յորդանան ապաստանած՝ սուրիացի փախստականները։
Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ան յայտարարած է որ փախստականներուն կացութիւնը ահաւոր է, ''իմ կեանքիս մէջ բնաւ չեմ հանդիպած նման ողբալի կացութեան մը'' - ըսած է ան։ Կիները Սուրիայէն կու գան իրենց ձեռքերուն մէջ ունենալով միմիայն իրենց երախները։ Անոնք յաճախ ապաստան կը գտնեն քարայրներու, ախոռներու, ու խոպան դաշտերու մէջ։ Ասոնցմէ շատերը հիւանդ են ու շտապ խնամիքի կը կարօտին։ Զուիցերիոյ Գարիթասը 2012-էն ասդին, աւելի քան 25 հազար ընտանիքներու սնունդ կ'ապահովէ։ Ներկայիս Զուիցերիոյ Գարիթասի բերած օգնութիւնը կը հասնի 5 միլիոն ֆրանքէ աւելի։








All the contents on this site are copyrighted ©.