2013-03-05 13:27:49

Չինաստանի Կաթողիկէներու Երախտագիտութիւնը Հանդէպ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։


Չինացի կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, հոգեւորականներ ու հաւատացեալներ Պենետիկտոս ԺԶ ուղղած իրենց նամակին մէջ կը գրեն. '' Դուք միշտ հայրական սիրով ողջագուրած էք Չինաստանը ու անոր կաթողիկէ հաւատացեալները''։ Հաւատացեալները Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն կը խնդրեն որ ներէ անոնց տկարութիւնները ու պակասութիւնները։ Մենք գիտակից ենք որ յատուկ սէր եւ ուշադրութիւն տածեցիք Չինաստանի ու կաթողիկէ հաւատացեալներուն։ Անոնք յատկապէս ողջունեցին Սրբազան Հօր թափած ջանքը ի խնդիր երկխօսութեան ու անոնց կրած խաչին ամոգումին։ Անոնք ապա Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն կը խնդրեն որ շարունակէ աղօթել Չինաստանի փոքրիկ հօտին պայծառութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.