2013-03-05 13:27:40

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Ռատիովատիկանի ընհանուր տնօրէն Հ. Փետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը կը յատկացնէ Պենետիկտոս ԺԶ հրաժարականին։
Ան կը գրէ` Պենետիկտոս ԺԶ-ի Քահանայապետութեան վերջին երկու օրերը շատ մը անձերու յիշողութեան մէջ քանդակուած պիտի մնան, եւ Եկեղեցւոյ պատմութեան համար պիտի նշուի կարեւոր էջ մը ։

Շատերուն համար յայտնաբերուեցաւ Քահանայապետին մարդկութիւնը եւ անոր հոգեւորական կեանքը, իսկ ուրիշներուշ համար, աւելիով ընդգծուեցաւ անոր խոնարհութիւնը ու անոր զօրաւոր հաւատքը։

Եթէ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը, ցոյց տուաւ բոլոր աշխարհին իր հաւատքի վկայութիւնը, չարչարանքի եւ հիւանդութեան մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ-ը ոչ նուազ քաջութեամբ իր վկայութիւնը տուաւ, խոնարհութեամբ ընդունելով, Աստուծոյ առջեւ ծերութեան սահմանները։ Երկուքը միասին մեզի սորվեցուցին ոչ միայն վարդապետութեամբ այլ աւելի արդիւնավէտ կերպով, իրենց կեանքի վկայութեամբ ամէն օր փնտռելով Աստուծոյ կամքը կատարել նոյնիսկ ամենէն դժուար կեանքի պահերուն մէջ։
Հայր Լոմպարտին ապա իր խմբագրականին մէջ կը գրէ
Այնպէս ինչպէս հաղորդած էր նոյնինք Քահանայապետը. '' քահանայապետութենէն հրաժարականի որոշումը հերացում մը չէ իրեն յանձնուած առաքեալութիւնէն եւ չի նշանակեր հաւատացեալները թողուլ իրենց ճակատագիրին։ Այլ կը շարունակէ յանձնել Աստուծոյ Իր Եկեղեցին, այն յոյսով թէ Ան պիտի շարունակէ առաջնորդել զայն։

Պարզութեամբ եւ խոնարհութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ կը հաստատէ թէ Ան իր բոլոր կարողութեամբ փորձեց ծառայել Եկեղեցւոյ։ Եկեղեցի մը որ իրեն չի պատկանիր այլ Աստուծոյ` որ կը շարունակէ գործել Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ որ ''կ՛ապրի, կ՛աճի եւ հոգիները կը վերակենդանացնէ։''

Հայր Լոմպարտին իր խմբագրականը կ՛եզրափակէ ըսելով` ''Այս իմաստով քահանայապետին հրաժարականի կտակը հրաւէր մըն է աղօթելու եւ պատասխանատուութեան հոգի ունենալու։ Նախ եւ առաջ Կարդինալներուն՝ որոնց պարտականութիւնն է ընտրել Սուրբ Պետրոսի յաջորդը,, եւ ապա բոլոր եկեղեցւոյ որ աղօթքով պիտի ընկերակցի նոր Քահանայապետի ընտրութեան։
Պենետիկտոս ԺԶ ալ մեզի պիտի ընկերակցի '' ամբողջ սրտով, ամբողջ սիրով, աղօթքով եւ խորհրդածութեամբ։''









All the contents on this site are copyrighted ©.