2013-03-05 16:01:41

Դէպի Գոնքլաւ...


Անցեալ 28 փետրուարէն սկիզբ առած ''Թափուր Աթոռի'' ժամանակաշրջանի հետեւանքով, ըստ «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան եւ կարտինալական դասի գահերէց` Կարտինալ Անճէլօ Սոտանոյի հրաւէրով` երկուշաբթի 4 մարտին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան` սիւնհոդոսական սրահին մէջ, սկիզբ առին կարտինալներու խորհրդակացական հանդիպումները որուն առաջին օրուայ նիստերուն մասնակցեցան 142 կարտինալներ որոնցմէ 103-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարտինալ։ Երկրորդ օրը, 5 մարտին, Հռոմ ժամանեցին այլ 7 ընտրող կարտինալներ որոնց շարքին է նաեւ Մարոնիներու Պատրիարք` Պշարա Պութրոս Րային։ Ընտրող Կարտինալներու թիւը հասաւ 110-ի։

Ըստ «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան, բոլոր կարտինալները, ժողովէն առաջ, կատարեցին` գաղտնապահութեան երդում, սուրբ գիրիքի վրայ ։

Առաջին օրուայ նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն որուն ընթացքին նշանակուեցան Սենեկապետ Կարտինալի - ''Քամերլէնկօ''- երեք օգնական կարտինալները յանձինս` Կարտինալ Րէին, եպիսկոպոսական կարգի կարտինալներէն, կարտինալ Սեփէ-ին քահանայական կարգի կարդինալներէն եւ Կարտինալ Րոտէ-ի, սարկաւագական կարգի կարտինալներէն։ Յայտնենք որ սոյն կարտինալներու պաշտօնը - միշտ ըստ «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան - կը տեւէ միայն երեք օր ու ապա նոր վիճակահանութեամբ կ՛որոշուին ուրիշ երեք նոր օգնական կարտինալներ։
Նշենք նաեւ որ, երկուշաբթի 4 մարտի յետ միջօրէի նիստի ընթացքին, տեղի ունեցաւ Պապընրիր ժողովներու ընթացքին նախատեսուած երկու խորհրդածութիւններու առաջինը, զոր կատարեց` Քահանայապետական Տան Քարոզիչը, Հայր Րանիէրօ Քանդալամեսան։
Կարտինալական խորհուրդը ապա որոշեց որ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օրուայ նիստերը սահմանուին միայն առաւօտեան ու յետ միջօրէն նուիրուի աղօթքի ու մտածականի։
Արդարեւ չորեքշաբթի յետ միջօրէի ժամը 17-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճառին մէջ, կը կատարուի աղօթքի արարողութիւն մը նուիրուած` Եկեղեցւոյ ու նոր քահանայապետի ընտրութեան որուն բոլոր կարտինալները հրաւիրուած են մասնակցնելու ։







All the contents on this site are copyrighted ©.