2013-03-04 13:25:47

Քաօսը Կը Տիրապետէ Սուրիոյ Մէջ։ Ապստամբները Կը Նուաճեն Հալէպի Ոստիկանութեան Ակադեմիան։


Հալէպի Ոստիկանութեան Ակադեմիոյ համար կայացած կռիւի հաշուեկիշռը՝ աւելի քան 200 մեռեալ է, ութը օր տեւող ընդհարումներու աւարտին։ Միւ կողմէ Նախագահ Ասսատ Այլ Երկիրներու Կարգին Կը Քննադատէ Նաեւ Թուրքիան` Ընդդիմադիրներուն Զօրակցելուն Համար։
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ վերահաստատեց իր կեցուածքը, շեշտելով որ ինք իշխանութեան գլուխ պիտի մնայ մինչեւ 2014-ի նախագահական ընտրութեան ժամկէտը: Ան բուռն կերպով քննադատեց կարգ մը երկիրներու, յատկապէս` Թուրքիոյ, Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն: Ան նաեւ քննադատեց Բրիտանիան, Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները, որոնք կը շարունակեն զէնք ու դրամ հայթայթել զինեալ խմբակներուն: Ան Սուրիոյ տագնապին լուծումը նկատեց քաղաքական ելքով` նշելով, որ ինք նախապէս ալ յայտարարած է այս ուղղութեամբ հիմնական երկու քայլեր.
1) Երկխօսութեան հրաւէր:
2) Պայքար ահաբեկչութեան դէմ:
Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ»-ին մէջ լոյս տեսած իր հարցազրոյցին ընդմէջէն նախագահ Ասսատ կոչ ուղղեց երկխօսութեան նստելու` նշելով, որ Սուրիա օտար զինեալներու պէտք չունի իր երկրին պաշտպանութեան համար: «Բանակը կը կատարէ իր դերը` երկիրը պաշտպանելով ընդդիմադիր, խռովարար ահաբեկիչներու դէմ», ընդգծեց Ասսատ:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Սալեհի քննադատեց այն երկիրները, որոնք կ՛արգելակեն սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման փորձերը` վերահաստատելով, որ նախագահ Ասատ պիտի մնայ իշխանութեան վրայ, մինչեւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւն:
Նոյն ծիրին մէջ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ երէկ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման բանալին կը գտնուի ազգային համերաշխութեան եւ երկխօսութեան իրականացման մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.