2013-03-04 13:27:11

Վերջ Գտաւ Ճոն Քերրի-ի Եգիպտոս Այցելութիւնը։ Եգիպտոսի Ղպտիները 48 Ժամուան Պայմանաժամ Կու Տան Իշխանութեան ։Եգիպտոսի Մէջ Ցուցարարներ Կը Քարկոծեն Եկեղեցի Մը։


Վերջ գտաւ Ամերիկայի Արտաքին Գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Եգիպտոս այցելութիւնը խորհրդակցելէ ետք Նախագահ Մուրսիի,պաշտպանութեան նախարարի եւ արտաքին գործոց նախարարի հետ։ Քերրի հրաժեշտ առաւ Եգիպտոսէն խոստանալով նիւթական օժանդակութիւն Եգիպտոսին։
Եգիպտոսի քրիստոնեաները, յատկապէս` ղպտիներ, երէկ 48 ժամուան պայմանաժամ տուին կառավարութեան եւ պատկան կողմերուն` ընդառաջելու իրենց պահանջներուն, այլապէս պիտի դիմագրաւեն «ղպտիական ցասումի շաբաթ» մը:
Միւս կողմէ հարիւրաւոր ցուցարարներ երեկոյեան փակեցին Եգիպտոսի Ասուան շրջանի Քոմ Ամիօ քաղաքի երկաթուղին եւ մայրուղին` առ ի բողոք քրիստոնէութիւն ընդունած իսլամ կնոջ մը անհետացման: Ցուցարարները պաշարեցին նաեւ Մար Ճըրճոս Եկեղեցին ու քարկոծեցին զայն:








All the contents on this site are copyrighted ©.