Պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթի՝ հայկական բաժնին խմբագիր պատասխանատուն՝ Պրն. Սարգիս Սերոբեան,
ընկերակցութեամբ՝ Լիբանանահայ մամուլի վաստակաւոր գործիչներ՝ Պրն. Սարգիս Նաճարեանին
եւ Պրն. Ժիրայր Դանիէլեանին, շաբաթ 2 մարտին այցելեց Զմմառու վանք: Հիւրերը հերթաբար
այցելեցին վանքին թանգարանը եւ մատենադարանը. կէսօրին՝ անոնք ճաշի հիւրերը եղան Վանքին: