2013-03-02 10:01:30

Մարտ Ամսուայ Աղօթքի Դիտաւորութիւնները։


Որպէս աղօթքի դիտաւորութիւններ` մարտ ամսուայ համար, Եկեղեցին կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթելու.

- Որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն. Բնութեան հանդէպ յարգանքը աճի, այն գիտակցութեամբ որ համայն արարչութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, վստահուած` մարդոց պատասխանատուութեան։

- Որպէս միսիոնարական դիտաւորութիւն որպէսզի եպիսկոպոսները, քահանաները եւ սարկաւագները ըլլան Աւետարանի անխոնջ քարոզիչները մինչեւ աշխարհիս կատարածը։








All the contents on this site are copyrighted ©.