2013-03-02 13:45:34

Գերապատիւ Հայր Եղիա Վրդ. Դերձակեանի՝ ՜՜Կեանքի Ճանապարհին Վրայ՝՝ Արաբերէն Նորատիպ Գրքին Ներկայացումը-


Ժիւնի, Լիբանան։ Ժիւնիի հայ կաթողիկէ սուրբ Աստուածածնայ Եկեղեցւոյ մէջ, հինգշաբթի 28 փետրուարի՝ երեկոյեան, տեղի ունեցաւ գեր. Հ. Եղիա վրդ. Դերձակեանի արաբերէն լեզուով գրած՝ «Կեանքի Ճանապարհին վրայ» գիրքի ներկայացումը, ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Զմմառու միաբանութեան ժառանգաւորներու, հայր Եղիային ծնողքին, ընտանեկան պարագաներուն եւ «Tele Lumiere» հեռուստաընկերութեան:
Հանդիսութեան ներկայացումը կատարեց, Տէր Ղազար սրկ. Պետրոսեան, որմէ ետք ներկայացուց հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու փունջ մը :
Ապա բեմ բարձրացաւ պր. Հապիպ Եունէսը, զորս գիրքին մասին ծանուցում մը կատարեց, որուն յաջորդեց հեղինակին սրտին խօսքը: Աւարտին, հեղինակը՝ Հ. Եղիա մակագրեց իր հատորները...








All the contents on this site are copyrighted ©.