2013-03-02 10:10:16

«Սուրիոյ Իրավիճակը Առանցքը Պիտի Կազմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Շփումներուն» Ըսաւ ՄԱԿ-ի Մօտ Ռուսիոյ Մնայուն Ներկայացուցիչ Չորքին։


ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չորքին երէկ կոչ ուղղեց վերադառնալու երկխօսութեան եւ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման ընտրանքին: Ան քննադատեց Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերը` յայտնելով, որ փոխանակ զէնք պահանջելու, թող կիրարկեն իրենց նախորդ խոստումները եւ վերադառնան քաղաքական լուծման ու երկխօսութեան:
Ռուսիա, որ երէկ ստանձնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը, իր ճիգերը կեդրոնացուցած է Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման յանգող քայլերուն վրայ: Ըստ Չորքինի, կողմերը յատկապէս ընդդիմութիւնը, պէտք է վերադառնան Ժընեւի հաղորդագրութեան տրամադրութեանց:
Միւս կողմէ, Չորքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքներուն մէջ մերձեցում կ՛արձանագրուի: «Ուաշինկթըն կը խուսափի Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներուն ուղղակի զէնք առաքել, որովհետեւ ամերիկացիք չեն ուզեր իրենց ձեռքերը արիւնաթաթախ ընել այն մտավախութեամբ, որ ընդդիմադիր զինեալներուն մէջ կը գտնուին Քայիտայի եւ ծայրայեղական տարրեր: «Միջազգային ընտանիքը չի կրնար լուծել Սուրիոյ տագնապը առանց սուրիացիներու մասնակցութեան», շարունակեց Չորքին` նշելով, որ անցնող յունուարին նախագահ Ասատ իր խօսած ճառին մէջ կառավարութեան քաղաքական յայտագիր մը ներկայացուցած էր` հարց տալով, թէ ո՞ւր է ընդդիմադիրներու փոխադարձ ծրագիրը:
Միւս կողմէ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք թելադրեցին իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն` Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճոն Քերրիի, որ լուծման նոր նախաձեռնութիւններ զարգացնեն Սուրիոյ տագնապին գծով:








All the contents on this site are copyrighted ©.