2013-03-01 08:02:02

Հալէպի Մէջ Կողոպտուած Է Կիլիկեան Հայկական Վարժարանը


Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական շրջանին Սիս թաղամասի մէջ գտնուող Կիլիկեան վարժարանի նախակրթարանը վերջին օրերուն տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին կողոպտուած է։
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ Կիլիկեան վարժարանը ունի երեք բաժիններ, որոնցմէ նախակրթարանը վերջերս նորոգուած էր: Վարժարանի միւս բաժինները եւս վնասներ կրած են: Վարժարանը ներկայիս անվտանգ վիճակի մէջ է, քանի որ բանակը հսկողութիւն հաստատած է այնտեղ: Վարժարանին մէջ արդէն դասաւանդումներ չէին կատարուեր, որովհետեւ շրջանը անապահով է, ուստի աշակերտները աւելի ապահով վայրի մը մէջ կը հետեւին դասերուն։
Ժ. Ռէյիսեան նաեւ դիտել տուած է, որ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանդարտ է, թէեւ այլ թաղամասերու մէջ բախումները կը շարունակուին: Ելեկտրականութեան ընդհատումները յաճախակի եղած են, վերջին երկու օրերուն Հալէպի մէջ բացարձակապէս ելեկտրականութիւն չկայ։
Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, զինեալներուն դէմ պայքարը կը շարունակուի Հալէպի որոշ թաղամասերու եւ գիւղերու մէջ: Հալէպի Պուսթան ալ Քասր շրջանին մէջ սպաննուած եւ վիրաւորուած են մեծ թիւով զինեալներ, նաեւ ձերբակալուած են 20 ուրիշներ: Բախումները կը շարունակուին նաեւ Լիրմուն, Պանի Զէյտ, Պուսթան Պաշա թաղամասերուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.