2013-03-01 08:50:20

Ի՞նչ Կը Պատահի Հռոմէական Վարչութեան (Քուրիային)՝ Թափուր Աթոռի Ընթացքին։


Քահանայապետի մահով՝ Հռոմէական Վարչութեան ենթաբաժիններու բոլոր Ղեկավարները - ըլլայ Պետական Քարտուղար Կարտինալը, ըլլայ առանձին Ժողովներու Ղեկավար Կարտինալները, ըլլայ Նախագահող Արքեպիսկոպոսները - ինչպէս նաեւ այդ ենթաբաժիններէն ներս աշխատող բոլոր Անդամները կը դադրին իրենց պաշտօնի կիրառումէն։
Բացառութիւն մը կը կատարուի պաշտօններու համար Հռոմէական Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկոյի եւ Աւագ Դատաւորի, ինչպէս նաեւ կը շարունակեն իրենց պաշտօններու մէջ մնալ Հռոմի թեմի Ընդհանուր Տեղապահ Կարտինալը եւ, այն հարցերու համար՝ որ կը պատկանին իր իրաւասութեան, Վատիկանի Տաճարի Աւագերէց Կարտինալը եւ Վատիկանի Քաղաքի Ընդհանուր Տեղապահը (նախաբան 14)։
Վատիկանի քաղաք-պետութեան Ներքին Գործոց Նախարարը, ինչպէս նաեւ Պետութիւններու եւ Հռոմէական Վարչութեան ենթաբաժիններու Քարտուղարներու հետ Յարաբերութիւններու Քարտուղարը, կը մնան իրենց պաշտօններու ղեկավարութեան վրայ եւ հաշիւ կը ներկայացնեն Կարտինալներու Ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.