«Թափուր աթոռ» արտայայտութիւնը կը մատնանշէ այն ժամանակահատուածը որ կ'իյնայ Եկեղեցւոյ
ղեկավարութիւնը Քահանայապետի մը կողմէ դադարելէ եւ անոր յաջորդի ընտրութեան միջեւ։ Այդ
ժամանակահատուածը կանոնակարգուած է «Universi Dominici Gregis» Առաքելական Սահմանադրութեամբ,
վաւերացուած՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ 22 Փետրուար 1996ին։ Այդ կանոններու ոյժով,
«Առաքելական Աթոռի թափուրութեան ընթացքին», Եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը վստահուած է Կարտինալական
Ժողովին, բայց միմիայն սովորական եւ անյետաձգելի գործերի կատարման համար, ինչպէս նաեւ
նախապատրաստելու համար ամէն բան՝ որ անհրաժեշտ է նոր Քահանայապետի ընտրութեան համար;
Կարտինալական Ժողովին կը պատկանի նաեւ Գերագոյն Քահանայապետի քաղաքական իշխանութիւնը,
որ կը վերաբերի Վատիկանի Քաղաքի Կաղավարութեանը։ Կարտինալական Ժողովի իրաւասութենէն բացառուած
են բոլոր հարցերը՝ որոնք կենդանութեան օրով կը պատկանին Գերագոյն Քահանայապետի իշխանութեան։