2013-03-01 08:03:51

Արցախի Մէջ Նշուեցաւ Սումկայիթի Ջարդերու 25-րդ Տարելիցը


Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ երէկ նշուեցաւ Սումկայիթի ջարդերու 25-րդ տարելիցը: Ստեփանակերտի յուշահամալիրը ունեցաւ բազմահազար այցելուներ:
Քառորդ դար առաջ 27-29 փետրուարին խորհրդային Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները այս օրերուն Ղարաբաղի մէջ ցաւով նշուեցաւ:
«Այդ օրը առաւօտեան սովորականին պէս կը շտապէին գործի եւ մեր բարեկամը հեռաձայնեց եւ յայտնեց, որ ազրպէյճանցիները կը մտնեն հայերու տուները եւ կը կոտորեն: Ժամեր ետք լսեցինք մեր դրացիին մահուան լուրը: Եւ ճիշդ յաջորդ օրը` մազապուրծ, ձգելով տուն ու տեղ, փախանք Սումկայիթէն», չկարենալով զսպել արցունքները` կը պատմէ Ստեփանակերտի 48-ամեայ բնակչուհի Սեդա Գրիգորեան:
Պաքուէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այդ քաղաքին մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն առնուազն արտօնութեամբ` սկսաւ հայ բնակչութեան բնաջնջում, որուն կ՛ուղեկցէր հայերու ունեցուածքի թալանը եւ ոչնչացումը: Խորհրդային Միութեան ղեկավարութեան լռութեան պայմաններուն մէջ երեք օրուան կոտորածներու ընթացքին վիրաւորուեցան եւ սպաննուեցան տասնեակ մը մարդիկ: Սպաննուածներուն մէկ մասը տանջամահ եղած էր, իսկ դիակները այրուած էին:
Սակայն, մինչեւ այսօր այս իրադարձութիւններուն քաղաքական գնահատական չէ տրուած:
«Հայ համաքաղաքացիներու սպանդը չարժանացաւ ազրպէյճանական հասարակութեան դատապարտման, աւելի՛ն` ջարդարարները հերոսացան եւ իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ ազրպէյճանցի ժողովուրդին գիտակցութեան մէջ քառորդ դար շարունակ արմատաւորուեցաւ «հայու սպանութիւնը ոճիր չէ, այլ` պատիւ» մտայնութիւնը», կ՛ըսուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու երէկ տարածած յայտարարութեան մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի քաղաքական ուժերը, առաջնորդուելով ՄԱԿևի «Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխման եւ ատիկա պատժելու մասին» համաձայնագիրին կէտերով, «խստօրէն կը դատապարտեն Սումկայիթի մէջ, իսկ հետագային նաեւ նախկին ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ կը վերահաստատեն այդ ոճիրին միջազգային իրաւական եւ քաղաքական դատապարտման հասնելու իրենց վճռականութիւնը` կոչ ուղղելով աշխարհի բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն միանալու Ազրպէյճանի մէջ ցեղային անհանդուրժողականութեան, այլատեացութեան, հետագայ ցեղասպանութեան կանխման ջանքերուն»:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տարածուած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Սումկայիթի ողբերգական իրադարձութիւնները պարարտ հող ստեղծեցին եւ նպաստեցին հայերու եւ ամէն հայկականի նկատմամբ կոյր ատելութեան հետագայ սաստկացման, ինչ որ հետեւողականօրէն եւ յաջողութեամբ կը սերմանուի Ազրպէյճանի եւ անոր հասարակութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.