Պենետիտոս ԺԶ քահանայապետ ծնած է Գերմանիա՝ 16 ապրիլ 1927-ին։ 1946-1951 ուսումնական տարեշրջաններուն աւարտած է իմաստասիրութեան եւ Աստուածաբանութեան համալսարանական մասնաճիւղերը։ Քահանայ ձեռնադրուած է 19 յունիս 1951-ին։ 1953-ին Աստուածաբանութեան մէջ կը ստանայ Տոկթորան։ 1962-1965 տարիներուն՝ որպէս մասնագէտ մեծ նպաստ բերած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին։1977-ին, նշանակուած է Մոնաքօ եւ Ֆրիզինկա թեմի Արքեպիսկոպոս։ Նոյն տարին՝ 26 յունիսին Պօղոս Զ քահանայապետ, Ռացինկեր Արքեպիսկոպոսին կը շնորհէ կարդինալական տիտղոս։ 1981-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ, կարդինալ Ռացինկերը անուանած է հաւատքի դաւանանքի վարդապետութեան ժողովի կառավարիչ եւ Սուրբ Գիրքի եւ միջազգային Աստուածաբանական զոյգ յանձնախումբերուն նախագահ։ Երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2005-ին՝ առաւօտուն, Կարդինալ Ռացինկեր, ''Հռոմի Քահանայապետ ընտրութեան ի սպաս'' Սուրբ պատարագը մատուցանեց 115 կարդինալներու հետ միասին, որոնք ապա զինք ընտրեցին որպէս Քահանայապետ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |