ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ՈՐ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀ ԶԱՐՄԱՑՈՒՑ...
Սրբազան Պապին հրաժարականը՝ խոր գիտակցութեան, քաջութեան եւ մեծութեան պտուղ է: Այդ հրաժարականը
յայտարարած միջոցին Պենետիկտոս ԺԶ.ըսաւ.- «Աստուծոյ առջեւ քննելէ ետք խիղճս, հասայ այն
համոզումին որ` ուժերս, յառաջացած տարիքի բերումով, այլեւս ատակ չեն պատշաճ կերպով կատարելու
ինծի յանձնուած պաշտօնը։ Գիտակից եմ, որ այս պաշտօնը իր հոգեւոր բնութեամբ, պէտք է
կատարուի ոչ միայն գործերով եւ խօսքերով, այլ ոչ նուազ նաեւ` չարչարուելով եւ աղօթելով:
Աւետարանը հռչակելու համար անհրաժեշտ է նաեւ կենսունակութիւնը, ըլլա՛յ մարմնի ըլլա՛յ
հոգիի, լաւ մատակարարելու համար ինծի վստահուած պաշտօնը»։ Պենետիկդոս ԺԶ.Քահանայպետը
այս յուզումնալից խօսքերով եւ անակնկալ ձեւով յայտարարեց կարգ մը կարդինալներու առջեւ
իր հրաժարականը Սուրբ Պետրոսի Մայր Աթոռէն ամբողջ աշխարհին եւ յատկապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
հաւատաց- եալներուն: Ս. Պապը իր պաշտօնէն պիտի հրաժարի Փետրուար 28-ին ժամը 20-ին: Այս
թուականէն ետք պիտի կատարուին Քահանայապետի ընտրութեան պատրաստութիւնները: Այս հրաժարականը
բարդոյթներ կը յառաջացնէ:Բայց ինչ որ Եկեղեցւոյ Կանոնը կը բացատրէ յստակ է թէ «եթէ Քահանայապետ
մը գիտակցի իր անկարողութեան մարմնապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս կատարելու իրեն վստահուած
պաշտօնին պարտականութիւնները, ըստ կանոնին կարող է հրաժարիլ»: Պատմութեան ընթացքին
հրաժարած են Պենետիկտոս Թ. (1045), Չէլէսթին Ե. (1294), Գրիգոր ԺԲ. (1415): Եղած են նաեւ
պարագաներ, ուր Քահանայապետներ ցանկացած եւ փորձած են հրաժարիլ, ինչպէս Պիոս ԺԲ., որ
յստակօրէն յայտարարած էր, երբ ան գերի իյնար նացցիներու ձեռքը եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.որ
կը տառապէր զանազան հիւանդութիւններէ: Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը կը հրաժարի իր
պաշտօնէն անձնական եւ ֆիզիքական պատճառներով: Ան քաջութիւնը ունեցաւ ինքզինք քննելու
պաշտօնի (fonction) եւ անձ (personne) երկու նժարներուն մէջ: Երբ անկարող է իր պաշտօնը
կատարելու,պէտք չէ իր պաշտօնին կառչած մնայ: Եկեղեցւոյ դրութիւնը չի նմանիր քաղաքականութեան,
ուր քաղաքագէտներ չեն կրնար զանազանել պաշտօնը անձէն եւ յանուն իրենց անձնական համոզումին
կը մնան իրենց պաշտօնին աւերներ գործելով եւ վնասներ հասցնելով երկրին ու ժողովուրդին: Եկեղեցական
պաշտօնը նուիրական (sacré) է:Ասոր համար երբ անձը անատակ է անոր, կրնայ աղաւաղել զայն:
Ահաւասիկ Պենետիկտոս Քահանայապետը գիտակից իր պաշտօնին նուիրականութեան եւ մարմնական
անկարողութեան՝ անձնական անատակութեան պատճառաւ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: Քաջութիւն կը
պահանջէ այս որոշումին յանգիլը. միայն հոգիի եւ մտքի վեհանձնութիւն ունեցող անձեր կը
դիմեն առանց վարանելու այսպիսի քայլի մը: Ան կը ներկայացնէ իր հրաժարականը թողլով իր
յաջորդին այն նուիրական պաշտօնը, որ աստուածատուր է: Պէտք է վեհանձնութիւն համարենք Պենետիկտոս
ԺԶ. Քահանայապետի առած քայլը, որ օրինակ պէտք է հանդիսանայ այսօր իսկ մեր ազգին, ինչպէս
նաեւ Եկեղեցւոյ։ Պենետիկտոս ԺԶ -ի նման ամէնքը դասելու են Աստուծոյ փառքը ամէն բանէ վեր:
Թող բարձրեալն Աստուած լուսաւորէ եւ ուղղէ մեր քաղաքագէտներուն միտքերը, որպէսզի
բարձրանան իրենց եսէն, փառքէն եւ աթոռապաշտութենէն վեր: Գերադասեն հայրենիքին եւ ազգին
շահերը իրենց սին շահերուն եւ փուճ քմահաճոյքին: Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ.Ասատուրեան - Փարիզ