2013-02-27 13:27:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ընդհանուր Ունկդրութեան Ընթացքին Արտասանած Ճառը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, որ իր քահանայապետութեան վերջինն է, ներկաներուն իր արտասանած ճառին մէջ ըսաւ.

Շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար քահանայապետութեանս հրապարակային այս վերջին ունկնդրութեան։

Ինչպէս սուրբ գիրքի ընթերցումէն ունկնդրեցինք, Սուրբ Պօղոսի նման ես եւս` սրտիս մէջ կը զգամ պարտականութիւնը շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ որ կ՛առաջնորդէ եւ կ՛աճեցնէ Եկեղեցին, կը ''սերմանէ'' իր Խօսքը եւ կը սնուցէ իր ժողովուրդին հաւատքը։

Այս պահուն սիրտս կ՛ընդլայնեմ գրկելու համար համայն աշխարհի վրայ տարածուած ամբողջ եկեղեցին ու գոհունակութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, Սուրբ Պետրոսի աթռռի առաքելութեանս տարիներուն այն ''լուրերուն'' հայող Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին, եւ ողորմութեան որ տարածուած է Եկեղեցւոյ Մարմնին մէջ ու զայն կ՛ապրեցնէ սիրով ու այն յոյսով որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի կեանքի լիութիւնը, դէպի երկնային հայրենիքը ։

Ձեզ բոլորդ իմ աղօթքներուս մէջ կը յիշեմ ու զանոնք կը ներկայացնեմ Տիրոջ։ Այս Պահուն մեծ վստահութիւն կայ մէջս, որովհետեւ գիտակից եմ, ամէնքս գիտակից ենք, որ Աւետարանի ճշմարտութեան Խօսքը Եկեղեցւոյ ոյժն է, Անոր Կեանքն է։ Աւետարանը կը բիւրեղացնէ եւ կը նորոգէ, պտուղ կու տայ ամէնուրէք՝ ուր հաւատացեալներու հասարակութիւնը կ՛ունկնդրէ եւ կ՛ընկալէ Աստուծոյ շնորհքը ճշմարտութեան մէջ, եւ կ՛ապրի սիրոյ մէջ։

Երբ ութը տարիներ առաջ, 19 ապրիլին, ստանձնեցի Սուրբ Պետրոսի աթոռի առաքելութիւնը, բառերը զոր հնչեցին սրտիս մէջ եղան. ''Տէր ի՞նչ կը խնդրես ինծմէ։ Ծանր բեռ մը կը դնես ուսերուս վրայ, սակայն եթէ դուն ինծմէ կը խնդրես այս բանը, քու խօսքերուդ վրայ, պիտի նետեմ ուռկաններս, վստահ ըլլալով որ դուն զիս պիտի առաջնորդես։'' Եւ Տէրը իսկապէս առաջնորդեց իմ քայլերս, ինծի մօտիկ էր, եւ առօրեային մէջ նկատեցի անոր ներկայութիւնը։

Այս տարիներուն ընթացքին ինքզինքս զգացի առաքեալներուն հետ, Սուրբ Պետրոսի նման, Գալիլիոյ լիճին մէջ նաւուն վրայ։ Տէրը մեզի տուաւ առեւոտ գեղեցիկ բազմաթիւ օրեր, օրեր ուր ձկնորսութիւնը եղաւ առատ, սակայն ականատես եղանք նաեւ օրերու ուր ջուրերը ալեկոծ էին եւ հովը հակառակ կը փջէր, ինչպէս եկեղեցւոյ բոլոր պատմութեան ընթացքին, ու կը թուէր թէ Տէրը կը ննջեր։Սակայն միշտ գիտակից էի թէ՝ այդ նաւուն վրայ Տէրը ներկայ էր, եւ միշտ գիտակից եղայ թէ Եկեղեցւոյ Նաւը իմս չէր, մերը չէ, այլ Անորն է, Ան երբեք պիտի չլքէ զայն։Ան է որ զայն կ՛առաջնորդէ, գուցէ իրմէ ընտրուած մարդոց միջոցաւ։ Այս վստահութեամբ է որ, այսօր իմ սիրտս լի է Աստուծոյ հանդէպ գոհունակութեամբ, որովեհետեւ ոչ մէկ բան պակսեցուց իր Եկեղեցւոյ եւ ինծի` մխիթարանք, լոյս ու սէր։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ իր կողմէ հռչակուած Հաւատոյ տարուայ մասին, հրաւիրելով բոլորը նորոգելու իրենց հաստատ վստահութիւնը Տիրոջ մէջ, ու մանուկներու նման յանձնուելու Աստուծոյ բազուկներուն, վստահ ըլլալով որ այդ բազուկները նեցուկ պիտի կանգնին ու թոյլ պիտի տան ամէն օր շարունակելու ուղեւորութիւնը, նոյնիսկ յոգնութեան ժամանակ։Փափաքս է - ըսաւ Ան - որ իւրաքանչիւրը իքնզինք սիրուած զգայ Աստուծմէ, որ իր Որդին ընծայեց մեզի համար ու մեզի ցոյց տուաւ իր անհուն սէրը, ամէն մէկը թող զգայ քրիստոնեայ ըլլալու ուրախութիւնը։

Գոհունակութիւն յայտնելէ ետք Աստուծոյ Սրբազան Հայրը ուցեց շնորհակալութիւն յայտնել իր պատասխանատութիւնը բաժնեկցող իր անմիջական գործակիցներուն։ ''Ամէնէն առաջ ձեզի, սիրելի կարդինալ եղբայրներ, ձեր բարեկամութեան ու ձեր թանկագին խորհուրդներուն,համար, անմիջական իմ գործակիցներուս, սկսելով՝ Պետական քարտուղարէն ու վատիկանի կառավարիչ մարմինէն որ ինծի ընկերացան այս տարիներու ընթացքին։'' Ան ապա յատուկ ողջոյն մը ուղղեց Հռոմի եկեղեցւոյ, առանց մոռնալու Ի Քրիստոս եղբայրակիցները՝ եպիսկոպոսներն ու կղերական կազմը, նուիրեալ անձինք ու Աստուծոյ համայն ժողովուրդը։ Ամէնքդ- ըսաւ Սրբազան Հայրը- ինծի ցոյց տուիք ձեր սէրն ու գուրգուրանքը եւ ես իմ կարգիս ձեզմէ ամէն մէկը սիրեցի առանց խտրութեան, այն Հովուական ողորմութեան սիրով որ ամէն Հովիւի սիրտն է։

Պենետիկտոս ԺԶ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ըսելով ''Քահանայապետի սիրտը կ՜ընդլայնուի բոլոր աշխարհին'' ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնին։
Ան ապա յատուկէն ակնարկեց այն բոլոր անձերուն, որ վերջին օրերուն իրեն նամակներ յղած էին ըսելով ''անոնց նամակներուն մէջ ի յայտ կու գայ եկեղեցւոյ իքնութիւնը, որ կազմակերպութիւն մը չէ, կրօնական հաստատութիւն մը չէ, այլ ողջ մարմին մը, եղբայրական հաղորդութիւն մը Յիսուս Քրիստոսի Մարմինին մէջ որ մեզ բոլորս կը միացնէ։

Ակնարկելով հուսկ իր հրաժարականին ըսաւ. ''Այս վերջին ամիսներուն զգացի թէ իմ ոյժերս կը նուազէին եւ յաճախակի հարց տուի Աստուծոյ, աղօթքիս մէջ խնդրելով որ լուսաւորէ զիս իր լոյսով որպէսզի կարենամ ուղիղ որոշում մը առնել, ոչ իմ բարիքիս այլ` Եկեղեցւոյ բարիքին համար։ Այս քայլը առի, լիովին գիտակից ըլլալով թէ որքան ծանր է ու նորութիւն կը ներակայացնէ, սակայն խղճի խոր համոզումով։.... Եկեղեցին սիրել կը նշանակէ քաջութիւնը ունենալ դժուար ընտրանքներ ընելու, տառապալից ընտրանք, նկատի ունենալով Եկեղեցւոյ բարիքը եւ ոչ թէ անձնական բարիքը։''

Ես չեմ դառնար ''անհատական կեանքի'' - ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը - չեմ թողուր խաչը - այլ նոր ձեւով կը մնամ Խաչեալին մօտ։Չ՜ունիմ այլեւս եկեղեցին կառավարելու իշխանութիւնը, բայց կը մնամ աղօթքի ծառայութեան մէջ։

Շնորհակալ եմ ձեզմէ ամէն մէկուն որ յարգանքով եւ բաժնեկցութեամբ ընդունեցաք իմ կարեւոր այս որոշումս։ Ես պիտի շարունակեմ հետեւիլ եկեղեցւոյ ուղեւորութեան, աղօթքով եւ խորհրդածութեամբ, նոյն նուիրումով Տիրոջ` որով ապրած եմ մինչեւ այսօր ու պիտի շարունակեմ ապրիլ միշտ։Ձեզմէ կը խնդրեմ որ զիս յիշէք Աստուծոյ առջեւ եւ աղօթէք նաեւ կարդինալներուն եւ Նոր Քահանայապետին դիտաւորութեան։

Պենետիկտոս ԺԶ հուսկ հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի առաջնորդէ իւրաքանչիւրին եւ եկեղեցական հասարակութեան քայլերը ու խօսքը եզրափակեց ըսելով. ''Սիրելի բարեկամներ,Աստուած է որ կ՛առաջնորդէ իր Եկեղեցին, թիկունք կը կանգնի անոր միշտ` մանաւանդ դժուար պահերուն։ Չկորսնցնենք երբեք այս Հաւատոյ տեսիլը, որ Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան եւ աշխարհի միակ տեսիլքն է։Մեր սրտերուն մէջ թող միշտ ներկայ ըլլայ ուրախալի վստահութիւնը թէ՝ Տէրը մեզի մօտիկ է, մեզ չի լքեր, ու մեզ իր սիրով կը պարուրէ։
Շնորհակալութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.