2013-02-27 12:48:27

Թուրքիոյ Մէջ Բողոքի Ցոյց՝ Ընդդէմ Ազերիներու Հակահայ Հաւաքներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ Փետրուար 25ին ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան դէմ բողոքի զանգուածային ցոյց մը տեղի ունեցած է՝ ի պատասխան Խոջալուի իրադարաձութիւններուն հետ կապուած Փետրուար 24ի ատրպէյճանցիներու հակահայ հաւաքին:
Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» համացանցային լրատուական կայքին՝ հակահայ ցոյցին դէմ բողոք արտայայտելու համար Կալաթասարայի հրապարակ դուրս եկած է մօտաւորապէս 10,000 ցուցարար, որոնց մէջ եղած են տարբեր կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ներառեալ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պատգամաւոր Մահմուտ Թանալը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ լրագրողներ:
Հաւաքուածներու անունով ելոյթ ունեցած է լրագրող Եաշար Կիւվեն, որ նշած է, թէ արտաքին գործոց նախարարին հովանաւորութեամբ «Խոջալուի իրադարաձութիւններ»ու մասին յիշատակ-հաւաքի կազմակերպումը՝ Թուրքիոյ մէջ ատելութիւն կը քարոզէ հայ ժողովուրդին դէմ:
«Հաւաքին ընթացքին հնչած են վիրաւորանքներ եւ սպառնալիքներ: Խոջալուի իրադարձութիւններու անուան տակ ատելութիւն կը քարոզուի հայերու նկատմամբ: Բայց մեզ այդպէս աժան չեն կրնար գնել: Այդ պատճառով ալ մենք հիմա հոն ենք: Մենք հայերուն մինակ չենք ձգեր: Մենք համամարդկային արժէքներ դաւանող մարդկանց կոչ կ՛ընենք միաւորուելու ցեղապաշտութեան, այլատեացութեան եւ ազգայնամոլութեան դէմ», ըսած է թուրք լրագրողը







All the contents on this site are copyrighted ©.