2013-02-26 12:41:08

Սուրիական Կառավարութիւնը Պատրաստ Է Զինեալ Ընդդիմութեան Հետ Երկխօսութիւն Կատարելու.


«Արեան Բաղնիքի Շարունակումը Կրնայ Սուրիոյ Մէջ Պետութեան Փլուզման Առաջնորդել» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ արեան բաղնիքի շարունակումը կրնայ Սուրիոյ մէջ պետութեան փլուզման առաջնորդել: Լաւրով սուրիական իշխանութեանց կոչ ուղղեց` սուրիական թղթածրարի խաղաղ լուծման հակառակորդներու գրգռութիւններէն չտարուելու եւ շեշտեց, որ «այս իրապաշտ ծրագիրին զօրակցողներուն թիւը կ՛աճի, եւ այդ մէկը պատերազմին մինչեւ վերջնական յաղթանակ շարունակումը ուզողները կը զգան եւ իրենք կը փորձեն ընդդիմութեան շարքերուն մէջ տագնապներ ստեղծել ու արգելք հանդիսանալ երկխօսութեան սկսելու քայլերուն։ Այս պայմաններուն մէջ , ըսաւ Լաւրով, սուրիական ղեկավարութեան համար առաւել կարեւոր կը դառնայ երկխօսութեան սկսելուն աջակցիլը շարունակել եւ չարտօնել, որ գրգռութիւնները յաղթեն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի դատապարտեց սուրիական վարչակարգին գործած բռնարարքները եւ նշեց, որ անոնք փաստ մըն են, որ Ասատ պէտք է իշխանութենէն հեռանայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.