2013-02-26 14:21:05

Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրուած.
Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի յայտարարութիւնը...


Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը իր երէկուան նիստին ընթացքին յայտարարեց նախագահական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները:
Ընտրողներուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 2,528,822:
Ընտրութեան օրը արձանագրուած եւ քուէաթերթիկ ստացած ընտրողներուն թիւը, ըստ ստորագրութիւններուն` 1,521,489 է, կամ 60.18 առ հարիւրը:
Նախագահի թեկնածուներու օգտին ձայները բաժնուած են հետեւեալ ձեւով.
Սերժ Սարգսեան – 861,373 կամ 58,64 առ հարիւր, Րաֆֆի Յովհաննէսեան – 539,693 կամ 36,74 առ հարիւր, Հրանդ Բագրատեան- 31,643 կամ 2,15 առ հարիւր, Պարոյր Հայրիկեան – 18,096 կամ 1,23 առ հարիւր, Անտրեաս Ղուկասեան – 8329 կամ 0,57 առ հարիւր, Վարդան Սեդրակեան – 6,210 կամ 0,42 առ հարիւր, Արման Մելիքեան- 3520 կամ 0,29 առ հարիւր:
Հետեւաբար, ըստ այս արդիւնքներուն, Սերժ Սարգսեան կը նկատուի յաղթած Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.