2013-02-26 14:51:58

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Յիշարժան Կարեւոր Թուականները... 2009 Տարին


28 փետրուար 2013-ի Երեկոյան Ս. Պետրոսի Առաքելական Աթոռը Թափուր կը Մնայ։
Որպէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ Պետ, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Առաքելութիւնը տեւեց 7 տարի, 10 ամիս եւ 9 օր։ Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին Քահանայապետը 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, Շրջաբերական Երեք Թուղթեր հրատարակեց, 84 Կարտինալներ նշանակեց եւ Երանելի հռչակեց իր նախորդը՝ ՅՊԲ.ը։ Ան նաեւ դիմագրաւեց բազմաթիւ տագնապներ, Ռաթիզպոնի Համալսարանի մէջ արտասանած ճառի հետեւանք յառաջ եկած թիւրիմացութենէն, մինչեւ իր անմիջական, ամենամօտիկ սպասաւորին դաւաճանութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ դիմագրաւեց այլ հարցեր. ինչպէս կարգ մը կղերականներու կողմէ կատարուած մանկամոլութեանց շեշտակի կերպով Հրեաներու հետ։ Պենետիկտոս ԺԶ .ընդլայնեց Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արեւելեան Երկիրներու հետ։

Ահաւասիկ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Տարիներու Կարգ Մը Կարեւոր Թուականները...

2009-ին, Բենեդիկտոս ԺԶ. համայն աշխարհի յղեց ՝՝եպիսկոպոսներուն եկեղեցական հաղորդութենէ զրկումին հայող պատգամը՝՝ որուն մէջ կը ճանչնայ գործադրուած զանազան թերութիւնները եկեղեցական կեանքէն ներս (Մարտ 2010-ին, Իրլանտացի կաթողիկէներուն յղած պատգամին մէջ, Քահանայապետը կը ճանչնայ Եկեղեցւոյ թերութիւնը բարոյական հարցերու գծով)։ Նոյն տարուան 20 հոկտեմբերին, Սրբազան Հայրը կը ստեղծէ Կանոնական կառոյցը, ընդունելու համար կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ Անկլիգան հաւատացեալները, որոնք կը մերժեն իրենց տեղական եկեղեցւոյ բարենորոգումները։
Նոյն տարին հովուական այցելութիւն կատարեց Գամերուն եւ Անկոլա (Ափրիկէ) յանձնելով տեղւոյն եպիսկոպոսներուն՝Ափրիկէի յատուկ Սիւնհոդոսի հայող ՜՜թղթածրարը՝՝ ...այդ առթիւ արտասանած իր մէկ նախադասութիւնը ՝՝պահպանակի՝՝ մասին բանավէճերու դուռ բացաւ։
8-15 մայիս առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց Յորդանան եւ Իսրայէլ, ու Պաղեստինեան հողամասը , սատարելու խաղաղութեան ու քաջալերելու համար տեղւոյն քրիստոնեաները։
Նոյն տարին կը հրատարակուի Caritas in Veritate ՜՜Սէրը ճշմարտութեան մէջ՝՝ Սրբազան Հօր Գ. Շրջաբերականը ։
19 դեկտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ. կը հռչակէ իր նախորդին ՅՊԲ.ի ՜՜հերոսական առաքինութիւնները՝՝ որը կը հանդիսանայ վճռական հանգրուան մը ՅՊԲ.ի Երանութեան, ինչպէս նաեւ Պիոս ԺԲ. ի Երանութեան...








All the contents on this site are copyrighted ©.