2013-02-26 14:36:53

Կարդինալ Պերթոնէին Հրաւերը Աղօթելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Համար։


''Լուսաւոր քահանայապետութիւն'' մը"։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը ` կարդինալ Պերթոնէն պատգամ մը ուղղած է եկեղեցական աշխարհին եւ մասնաւորապէս ''նուիրեալ անձերուն'' աղօթելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին դիտաւորութեան մինչ համայն Եկեղեցին յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի անոր ''լուսաւոր քահանայապետութեան'' վերջին օրերուն։

Պետական քարտուղարը աղօթքի կոչը կ'ընդլայնէ նաեւ բոլոր հաւատացեալներուն որպէսզի Սրբազան Հայրը Պետրոսի պաշտօնը յանձնէ Տիրոջ։ Աղօթքը բոլոր դարերու հոլովոյթին ամռոցն ու աջ բազուկը եղած է Եկեղեցւոյ։

Կարդինալ Պերթոնէն, որ երկար տարիներու ընթացքին գործակիցը եղած է Սրբազան Հօր, իր պատգամին մէջ կը մէջբերէ Սրբազան Քահանայապետին կամքը առանձնանալու եւ կեանքի վերջին տարիները անցնելու աղօթքի ու խորհրդածութեան մէջ, թիավարելէ ետք ս. Պետրոսի նաւը պատմութեան ընդմէջէն։
Իր այս նամակով կարդինալ Պերթոնէն նոյնպէս կը հաղորդէ Սրբազան Քահանայապետին երախտագիրութիւնն ու սէրը հանդէպ բոլոր եկեղեցականներուն եւ հաւատացեալներուն։











All the contents on this site are copyrighted ©.