Ռատիովատիկանի տնօրէնը այս շաբթուայ խմբագրականին մէջ կ՛անդրադառնայ Եկեղեցւոյ ուղեւորութեան
մասին Սրբազան Հօր Քահանայապետութեան վերջին շաբաթներուն մինչեւ Գոնքլաւի գումարումը։
Անոր գնահատումով այս շրջանը բաւական դժուարին ժամանակաշրջան մըն է ''մանաւանդ այն
ճնշումներուն պատճառաւ որոնք հակառակ են Եկեղեցւոյ ապրած սպասումի եւ պատրաստութեան հոգիին''։
Հայր Լոմպարտին կը մատնանշէ թէ ''չեն պակսիր այն անձերը որոնք, օգտուելով թուլամիտ
հոգիներու անորոշ պահէն, կը ջանան խառնաշփոթութիւն ստեղծել եւ վարկաբեկել Եկեղեցին ու
անոր կառավարութիւնը, դիմելով զրպարտութեան եւ ապատեղատուականութեան մինչեւ իսկ աննդունելի
ճնշումներ բանեցնելով` պայմանաւորելու համար յառաջիկայ քահանայապետական ընտրութիւնը։''
Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը կ՛ակնարկէ նաեւ այն լրագրողներուն կամ դէտերուն
որոնք իրենք զիրենք ''դատաւորներ'' կը նկատեն ու առանց որեւէ իշխանութեան բարոյական
ծանր դատողութիւններ կը կատարեն։ ''Ով որ իր մտքին մէջ ունի դրամի, սեռի եւ իշխանութեան
գաղափարներ ու այս չափանիշերով կը կարդայ իրականութիւնը անկարող է տեսնել ուրիշ բան նոյնիսկ
Եկեղեցւէն ներս'' որովհետեւ անկարող է խորը թափանցել ու հասկնաել գոյութեան հոգեւոր ծաւալներն
ու պատճառները։'' Կը գրէ Լոմպարտին ապա կը հաստատէ թէ այս բոլորը չեն կրնար հաւատացեալներու
մօտեցումը փոխել կամ` Տիրոջ վրայ անոնց հաւատքն ու յոյսը շեղեցնել, որովհետեւ Ան խոստացած
է առաջնորդել իր Եկեղեցին։ Մենք կ՛ուզենք որ այս շրջանը ըլլայ անկեղծ խորհրդածութեան
շրջան մը, Սուրբ Հոգիի իմաստութիւն հայցելու աղօթքի շրջան` եւ կարդինալական դասի հանդէպ
մօտիկութեան շրջան, Պենետիկտոս ԺԶ -ի օրինակով որ ուզեց քառասնորդաց շրջանի սկիզբը եւ
իր քահանայապետութեան վերջին օրերը նուիրել աղօթքի։ ''Ապաշխարութեան ուղեւորութիւն
մը դէպի Սուրբ Զատկուայ երջանկութիւնը։ Ապաշխարութիւն եւ Յոյս։ Այսպէս կ՛ուզենք ապրիլ
այս շրջանը։''