2013-02-25 12:40:57

Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը Եւ Հայ Եկեղեցին։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Ներքնաբակի Բացում


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ճառը՝Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Անունը Կրող Սուրբ Պետրոսի Ներքնաբակի Բացման Արարողութեան Առթիւ՝22 Փետրուար 2008։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, իմ սիրալիր ողջոյնը ձեր բոլորին։ Կ՝ողջունեմ նախ Կարտինալ Անճէլօ Գոմասդրին, ապա Կարտինալ Ճովաննի Լայոլոն, ու Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, շնորհակալ ըլլալով անոր ազնիւ խօսքերուն որ թարգմանը հանդիսացաւ հասարակաց զգացումներուն։
Առիթէն կ՝օգտուիմ ողջունելու եղբայրական սիրով Հայ Առաքելական Եկեղեցին, Հայ Ազգը ու համայն աշխարհի Հայերը։
Նախախնամական առիթ մը որ այսօր մեզի պատեհութիւն կ՝ընծայէ իրարու հանդիպելու հոս' Սուրբ Պետրոս Առաքեալի գերեզմանին մօտ, յիշելու համար այլ ուրիշ մեծ Սուրբ մը որու անունը պիտի կրէ այժմ այս մեծ ներքնաբակը։
Կ՝ուզեմ յիշել իմ նախորդս երջանկայիշատակ ՅՊԲ. ը որ հոս այս ներքնաբակին մէջ 2005ին օրհնեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծադիր արձանը, եւ այժմ սոյն արձանի գտնուած ներքնաբակը պիտի կոչուի նոյն մեծ Սուրբին անունով։
Այս Սուրբը աւելի քան 18 դար առաջ Հայ Ազգը դարձի բերաւ ու Հայերը եղան քրիստոնեայ աշխարհի առաջին ժողովուրդը որ պաշտօնապէս ճանչցաւ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք։ Հայերու այս քայլը խորապէս յատկանշեց հայկական ինքնութիւնը, ոչ միայն անհատական այլ ազգային գետնի վրայ։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բացումը կատարելով ՝՝Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝՝ անունը կրող Սուրբ Պետրոս Տաճարի ներքնաբակին, աղօթենք որպէսզի Հայ Ժողովուրդը բարեխօսութեամբը իր այս երեւելի որդւոյն, շարունակէ ընթանալ հաւատքի ճանապարհէն, եւ առաջնորդուի միշտ՝ ինչպէս դարերու հոլովոյթին՝ Քրիստոսէն ու անոր Աւետարանէն։









All the contents on this site are copyrighted ©.