2013-02-25 12:41:43

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Յիշարժան Կարեւոր Թուականները...


28 փետրուար 2013-ի Երեկոյան Ս. Պետրոսի Առաքելական Աթոռը Թափուր կը Մնայ։
Որպէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ Պետ, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Առաքելութիւնը տեւեց 7 տարի, 10 ամիս եւ 9 օր։ Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին Քահանայապետը 24 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց, Շրջաբերական Երեք Թուղթեր հրատարակեց, 84 Կարտինալներ նշանակեց եւ Երանելի հռչակեց իր նախորդը՝ ՅՊԲ.ը։ Ան նաեւ դիմագրաւեց բազմաթիւ տագնապներ, Ռաթիզպոնի Համալսարանի մէջ արտասանած ճառի հետեւանք յառաջ եկած թիւրիմացութենէն, մինչեւ իր անմիջական, ամենամօտիկ սպասաւորին դաւաճանութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ դիմագրաւեց այլ հարցեր. ինչպէս կարգ մը կղերականներու կողմէ կատարուած մանկամոլութեանց շեշտակի կերպով Հրեաներու հետ։ Պենետիկտոս ԺԶ .ընդլայնեց Վատիկանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները Արեւելեան Երկիրներու հետ։
Ահաւասիկ Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետութեան Տարիներու Կարգ Մը Կարեւոր Թուականները...
2008-ին յատկանշական է Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը Նիւ Եորք (ԱՄՆ) եւ Լուրտ (ֆրանսա)։
Արդարեւ 15-21 Ապրիլ Պենետիկտոս ԺԶ այցելեց Միացեալ Նահանգները. Ուաշինկթընի մէջ, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց մանկամոլ քահանաներու զոհ՝ անձերը. իսկ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ կարեւոր ճառ մը արտասանեց։
12-21 Յուլիս այցելեց Աւստրալիա, Սիտնիի' JMJ Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրուան առթիւ։
Նոյն տարին՝ Սեպտեմբերին (12-15 սեպտեմբեր) այցելեց ֆրանսան, ուր կարեւոր ճառ մը արտասանեց Մշակոյթի Աշխարհի Ներկայացուցիչներուն՝ Փարիզ , իսկ Լուրտի մէջ, նախագահեց Սուրբ Պատարագին ֆրանսայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասին հետ, Տիրամօր երեւման 150-րդ տարեդարձին առթիւ։
2008-ի՝ 5-26 հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ գլխաւորեց Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, ՜՜Աստուծոյ Խօսքը Եկեղեցւոյ Կեանքին ու Առաքելութեան Մէջ՝՝ բնանիւթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.